image

Եղած համաձայնութիւնը մեծ ռիսքեր ունի Հայաստանի համար. The Guardian

Եղած համաձայնութիւնը մեծ ռիսքեր ունի Հայաստանի համար. The Guardian

Հրադադարի շուրջ պայմանագիրը, որ անցեալ շաբաթ կնքուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, զգալի չափով օգտագործուած է, որպէս տասնամեակներ շարունակուող տարածքային վէճի դադարեցման համար միջոց: Այս մասին The Guardian-ի մէջ գրած է «Ատրպէյճանի հետ հրադադարի շուրջ համաձայնութիւնը մեծ ռիսքեր կը պարունակէ Հայաստանի համար» վերնագիրով յօդուածի հեղինակ՝ Տէյլ Պըրնինկ Սաուըն:

«Սակայն իրականութիւնը այդքան հարթ չի կրնար ըլլալ: Պալքաններու նման աշխարհաքաղաքականապէս խոցելի տարածաշրջանը՝ Կովկասը, տեւական եղած է ազգերու համար ծածկոց, զոր իրենց վրայ քաշած են գերտէրութիւնները»,-նշուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրի խօսքով՝ հրադադարի շուրջ համաձայնագիր կնքելով՝ Հայաստանը համաձայնած է աստիճանաբար Պաքուին փոխանցել ԼՂ-ի շուրջ տարածքները:

«Սակայն մշակոյթի տեսանկիւնէն այդ այդքան ալ հեշտ չէ: Այդ շրջանները հնագոյն ժամանակներէն հայեր ապրած են: Անոնք առաջին հերթին պայքարած են իրենց անկախութեան համար:

Անոնք այդ տարածքը կ'անուանեն Արցախ, որու հովիտներն ու լեռնաշղթաները ծածկուած են աւելի քան 3500 վանքերով, եկեղեցիներով, հայկական խաչքարերով եւ գերեզմաններով: Ի յաւելումն անոնց, Արցախի մէջ քրիստոնէական ժառանգութեան բազմաթիւ տեսարժան վայրեր կան: Քիչ տոկոս կը կազմեն իսլամական յուշարձանները…Այժմ կողմերը կը փորձեն կազմել պաշտօնական ցուցակը, թէ յստակ ինչ կը գտնուի շրջաններուն մէջ, որոնք պիտի փոխանցուին Ատրպէյճանին»,-նշած է Սաուըն:

Երբ խօսքը հայկական ժառանգութեան մասին է, Պաքուի գործողութիւնները սարսափելի ձեւ կ'ընդունին՝ նշած է յօդուածագիրը:

«Անցեալ տարի քաղաքագէտ Սիմոն Մաղաքեանի եւ մարդաբան Սառա Փիկմընի կողմէն հրապարակուած զեկոյցով մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան այն մասին, ինչը անոնք անուանեցին Ատրպէյճանի կողմէ Նախիջեւանի մէջ «մշակութային զտում»: Արբանեակային լուսանկարները, փաստագրական վկայութիւններն ու անձնական վկայութիւնները ցոյց կու տան, որ 1997-2006 թուականներուն ոչնչացուած են 89 եկեղեցի, 5840 խաչքար եւ 22 000 գերեզմանաքար, ներառեալ նաեւ միջնադարեան Ճուլֆան:

Ատրպէյճանի արձագանգը եղաւ հերքելը: Անոնք յայտարարեցին, որ այդ շրջանը երբեք հայեր չեն ապրած: Նման  մտավախութիւններ այժմ ունին Արցախի մէջ:

Յուշարձաններու պղծման դէպքեր եղած են (ջնջելով հայկական գրութիւնները), սակայն Դադիվանքի մէջ այդ  պարզապէս անհնար էր ընել, եթէ միայն յուշարձանի բացարձակ անվտանգութեան երաշխիք չ'ըլլար: Փորձագէտները յղում կ'ընեն Նախիջեւանի Ագուլիս քաղաքի մէջ Ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ 1997 թուականներէն սկսեալ յուշարձաններու աւերումներուն: Փորձագէտ Փալուտան-Միւլըրը վստահ է, որ մենք կրկին նման բան կը տեսնենք: Եւ այժմ կայ ռիսք, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը կորսնցնէ իր հայկական բնակչութիւնը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ: