image

Հաֆէզ Ասատը Պաշիր Ժըմայէլին « Ես Եւ Պէկինը Անհամատեղելի Ենք Լիբանանի Մէջ»

Հաֆէզ Ասատը   Պաշիր  Ժըմայէլին  « Ես  Եւ Պէկինը Անհամատեղելի  Ենք Լիբանանի Մէջ»

Լիբանան( Al Mayadeen– Պէյրութ)- Սուրիոյ  նախկին նախագահ  Հաֆէզ Ասատի եւ Լիբանանի   սպաննեալ  նախագահ  Պաշիր Ժըմայէլի հանդիպման Ասատը  իր համաձայնութիւնը յայտնած է  նախապայման    դնելով վերջինիս Իսրայէլի հետ ունեցած յարաբերութիւններու խզումը: Այս մասին  տեղեկութիւնը  հրապարակուեցաւ  «Մայատին» կայանին  սփռած փաստագրական ծրագիրը, որ հաղորդումը լոյս  սփռած է նաեւ  1982-ին` իսրայէլեան  ուժերու Լիբանան ներխուժման մասին:

Վաւերագրական հաղորդումին  բացայայտած տեղեկութիւններու համաձայն, հանդիպումը կայացած էր ներխուժումէն առաջ, երբ սուրիական ուժերը կը ռմբակոծէին  քրիստոնէաբնակ Էշրէֆիէ  շրջանը: Այդ օրերուն Լիբանանի մէջ աւագ սուրիացի սպաներէն մէկը զանգ ստացած էր «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան ղեկավար Փիէռ Ժըմայէլէն, եւ ընդառաջած էր ընթրիքի հրաւէրին, որու ընթացքին հայր Ժըմայէլը  յայտնած է իր ցանկութիւնը, որպէսզի ճաշի սեղանի մը շուրջ հանդիպում կայանայ իր   զաւակին ՝ Պաշիրին եւ Սուրիոյ նախագահին  միջեւ:

Այդ օրը Պաշիր կրկին կ'այցելէր Իսրայէլ, երբ    անոր բարձրագոյն  ղեկավարութիւնը գործի լծած էր Պաղեստինեան Ազատագրական Կազմակերպութիւնը (PLO)  հարուածելու փուլը: Սուրիացի սպան ժամանակ խնդրած էր: Ասատը իմանալով Ժըմայէլի խնդրանքին  մասին, հարցուցած էր սպային, թէ ինչ է անոր փափաքներու ընդհանուր  ուղեծիրը, եւ սպան պատասխանած է, որ ան կ'ուզէ հանրապետութեան նախագահ դառնալ: Այնուհետեւ Ասատ հարց տուած է, թէ արդեօք ան ազգայի՞ն մարդ է, եւ ստանալով դրական պատասխան՝ տուած է իր հաւանութիւնը հանդիպման կայացման շուրջ:

Վաւերագրականին  համաձայն, հանդիպման ընթացքին պատահած անակնկալը, Ասատի համաձայնիլն էր, Պաշիր Ժըմայէլի նախագահութեան  աթոռին  հասնելու: Համաձայնութիւն մը, որ Ասատ զուգակցած էր հետեւեալ  բառերով «Երկու բան, որ չեն կրնար ըլլալ   Լիբանանի   եւ ոչ մէկ յարաբերութեան մէջ՝  այդ ես եմ եւ Պէկընը»: Հանդիպման գաղտնիքները հասնելով այդ օրերու Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Արիէլ Շարոնի ականջին, վերջինս ուղղուած էր Պաշիրի  ղեկավարած «Լիբանանեան ուժեր»ու  քարանթինայի պատերազմական խորհուրդի  գրասենեակ   եւ իր խօսքը ուղղելով Պաշիրին ըսած էր՝ « Դուն աւելի վատ ես, քան հայրդ»:

Այս եւ նման այլ գաղտնիքներ կը բացայայտէ վաւերագրականը, որու երկրորդ բաժնին մէջ կը խօսուի Պաշարի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու մասին եւ անոր ներխուժուման  ծրագրէն  տեղեակ ըլլալուն  եւ  ունեցած դերին՝ հասնելու համար նախագահութեան, ինչպէս նաեւ ներխուժման սկիզբի մասին, ուր  Շարոն իր նպատակը թաքցուցած էր ամերիկացիներէն եւ նոյնիսկ իր վարչապետէն, որն էր՝ հասնիլ մայրաքաղաք Պէյրութ: