image

«Գորշ գայլեր»-ու կուսակցութիւնը Պէրլինի մէջ Թալէաթի յիշատակին քայլերթ կը կազմակերպէ

«Գորշ գայլեր»-ու կուսակցութիւնը Պէրլինի մէջ Թալէաթի յիշատակին քայլերթ կը կազմակերպէ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) պատգամաւորներ Ումիթ Օզտաղը, Եուսուֆ Հալաչօղլուն եւ Ճեմ Քազմազը Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքելու հերթական փորձ մը նախաձեռնած են: Այս մասին տեղեկացնելով թրքական «Zaman» կայքը, կը նշէ, որ թուրք պատգամաւորները այսօր՝ 24 յունիսին,  Պէրլինի մէջ յատուկ համաժողովի պիտի հրաւիրեն, որու ընթացքին պիտի հնչեցնեն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական թեզերը:

Իսկ 25 յունիսին Պէրլինի Հարտընպըրկ թաղամասի մէջ, ուր ժամանակին հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռքով սպանուած է հայ ժողովուրդի դահիճ Թալէաթ փաշան, թուրք ընդդիմադիր պատգամաւորները յիշատակի քայլերթ պիտի կազմակերպեն եւ մամլոյ ասուլիս կ'իրականացնեն: