image

«ԳՈՀԱՐ» Համոյթը Նոր Պարուհիներ Պիտի Ընդունի

«ԳՈՀԱՐ»  Համոյթը Նոր Պարուհիներ Պիտի   Ընդունի

«ԳՈՀԱՐ»  համոյթը, ընդարձակելով իր կազմը, հանդէս    եկած է  մասնագիտացած պարուհիներու ընդունելութեան յայտարարութեամբ մը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուած է, թէ մաս կազմել փափաքող պարուհիները պարտին դիմումները ներկայացնել մինչեւ 22 մարտ 2016-ը: Նշենք, որ Կիւմրիի մէջ գործող «ԳՈՀԱՐ»ը հիմնադրուած է լիբանանահայ   Յարութ  Խաչատուրեանի կողմէ: Հիմնադրին` Յարութի եղբայրները՝ Շահէ եւ Նառ Խաչատուրեանները նոյնպէս կ'աջակցին «ԳՈՀԱՐ»-ին: Հիմնադրման օրէն մինչեւ 2014 թուականը համոյթը ղեկավարած էր կիպրահայ Սեպուհ Աբգարեանը, (երկար տարիներու Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի    ուսուցիչ) որ միաժամանակ եղած էր խումբի գեղարուեստական ղեկավարն  ու խմբավարը: Ներկայիս խումբի երաժշտական ղեկավարն է Նաթալիա Գալստեանը: Նուագախումբը «ԳՈՀԱՐ » կոչուած է հիմնադիր եղբայրներու մօր պատւոյն: