image

«Կա՛մ ուժեղ ես եւ կը պարտադրես ե՛ւ կամ պիտի ընդունիս, որ այդ է առաւելագոյնը» Վահրամ Աթանէսեան

«Կա՛մ ուժեղ ես  եւ կը պարտադրես ե՛ւ կամ պիտի ընդունիս, որ այդ է առաւելագոյնը» Վահրամ Աթանէսեան

Վահրամ Աթանէսեանի հետ հարցազրոյց մը ունենալու փափաքը միշտ ալ եղած է իրականացուելիք տեսակցութիւններու ընդհանուր ցանկին վրայ։ Առիթներ եղած են, այո՛, բայց, յաճախ տարբեր հանգամանքներու բերումով «տապալած է»։ Կ՚ըսեմ՝ տապալած է, որովհետեւ որեւէ հարցազրոյց զուտ բնագրի մարմին մը ունենալէ անդին՝ նաեւ տրամադրութիւն մըն է։ Իրարու հետ խօսելու, զիրար լսելու եւ միտքեր փոխանակելու առիթը այս անգամ մարմին ստացաւ՝ հակառակ անոր, որ Արցախի խնդրին քաջածանօթ Աթանէսեան կը գտնուէր Ստեփանակերտ։ Ամէն պարագայի, այստեղ հարկ է նշել, որ իր նման «ծանր քաշող» վերլուծաբանի մը պարագային, եթէ նոյնիսկ կարգ մը խնդիրներու առումով համաձայն չըլլաս, ապա պարտաւոր ես ականջ տալ ու լսել։ Աթանէսեան այդ տեսակն է ու անոր լայն պրիսմակով ներկայացուած ընդհանուր դիտարկումները մէկէ աւելի պատճառներով արժանի են ուշադրութեան։ Ուստի այս «վարպետ»ին կ՚ըսենք՝ we are all ears sir!

Հուսկ, բարի ընթերցում մեր սիրելի ընթերցողներուն։


*

-Պատերազմի դառն եւ արիւնոտ օրերէն ետք, արդէն իսկ վերադարձած էք Ստեփանակերտ։ Ի՞նչ եղան ձեր զգացումները քաղաքին հետ առաջին հանդիպումէն ասդին եւ այսօր ինչպիսի՞ն է ընդհանուր իրավիճակը Արցախի մէջ։

-Նախ ըսեմ, որ բաժանումը տեւական չէր: Հեռանալուս պատճառը տիկնոջս հիւանդութիւնն էր: Նկուղին մէջ, ինչպէս պոլսահայը կ՚ըսէ, պաղ առած էր, իսկ Ստեփանակերտի հիւանդանոցները միայն վիրաւորներ կ՚ընդունէին: 23 հոկտեմբերին դուրս եկանք եւ 15 նոյեմբերէն ի վեր այստեղ ենք: Ի տարբերութիւն յետհրադադարի առաջին օրերուն, Ստեփանակերտի կեանքի թափը արտաքուստ վերականգնուած է: Խանութները կը գործեն, փոխադրամիջոցները կ՚աշխատին, անհրաժեշտ բանի պակաս չունինք: Խորքին մէջ կան մարդկային պարզ տագնապներ, թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ, հակառակ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան: Պակսած է իշխանութեան հանդէպ վստահութիւնը: Չխօսինք այն քաղաքներուն եւ գիւղերուն մասին, ուր աւերները անհամեմատ շատ են. օրինակ՝ Մարտունի, Մարտակերտ, Ճարտար… Հիմա տարրական անհրաժեշտութեան՝ ջուրի, կազի, լուսաւորութեան, կապի խնդիրները կը լուծուին: Դպրոցները եւ մանկապարտէզները բաց են: Ընկերային խոցելի խաւ ունինք՝ Հադրութէն, Շուշիէն, Ասկերանի գիւղերէն բռնատեղահանուածներ: Անոնց բնակարանային կեցութեան խնդիրը սուր է. մէկ խօսքով, դժուար է, բայց յաղթահարելի:

-Շատ խօսուեցաւ եւ դեռ ալ պիտի խօսուի հայկական կողմի թոյլ տուած աններելի սխալներուն մասին։ Խօսուածները ինչքանո՞վ կը համապատասխանեն իրականութեան եւ արդեօք այդ սխալներու չգոյութեան պարագային Արցախն ու արցախցին, հետեւաբար նաեւ Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը պիտի կարողանայի՞ն յաղթանակ տանիլ Արցախի մէջ։

-Ներկայ իրողութիւնը հետեւանքն է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը տարիներով յետաձգուելու եւ առաջարկուած լուծումներէն առաւել հայանպաստի սպասումներուն, որոնք գոյութիւն ունէին սոսկ երեւակայութեան մէջ: Իրականութիւնը մէկ էր. կա՛մ ուժեղ ես եւ կը պարտադրես ե՛ւ կամ պիտի ընդունիս, որ այդ է առաւելագոյնը։ Կը վերադարձնես որոշ տարածքներ, կը պահես Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային եւ ցեղային ամբողջականութիւնը, կը վերականգնուին հաղորդակցութիւնները, կը կարգաւորուին յարաբերութիւնները եւ այս բոլորէն յետոյ հանգիստ պայմաններով կը քննարկես Լեռնային Ղարաբաղի միջազգայնօրէն ճանաչելի կարգավիճակի հարցը: 1997 թուականին այս առաջարկուած էր, սակայն մերժուեցաւ եւ սկսաւ Հայաստանի մեկուսացումը: Մենք դիւանագիտական տեսանկիւնէն ուժեղ էինք, երբ խնդիրը կը գնահատուէր Լեռնային Ղարաբաղի հայ մեծամասնութեան մարդկային իրաւունքներու տեսանկիւնէն եւ տկարացանք, երբ այդ իրաւունքներու համար ջանքերը փոխակերպուեցան մեծ կամ միացեալ Հայաստանի մը տեսլականի ջատագովութեան:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան միջազգային աջակցութիւն ունէր, որովհետեւ մարտերը կ՚ընթանային անոր ճանչցուած սահմաններէն ներս: Եւ բոլորը լռեցին: Այդ մեկուսացումով Հայաստան չէր կրնար յաղթել՝ մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի բանակը բաւարար չափով արդիական էր հայկականին համեմատ: Մնացեալը, ինչ որ կը խօս-ւի, զուտ հայկական միջավայրի նիւթ է՝ դաւաճանութիւն, հողատուութիւն, հող ծախել եւ այլն: Անշուշտ, կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ: Քիչ մը աւելի կազմակերպուած ըլլալու պարագային, նիւթական կորուստները քիչ կ՚ըլլային, բայց, ընդհանուր՝ աշխարհաքաղաքական (ժէոփոլիթիք) չափումներու մէջ միեւնոյնն է, Ատրպէյճան կը շահէր: Միջազգային օրէնքը Արցախի հայ մեծամասնութեան իրաւունքը կը ճանչնայ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի սահմաններով: Անկէ դուրս՝ ոչ: Անկէ դուրս կը յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքը: Մեծ սխալ էր Թուրքիոյ դերի թերագնահատումը կամ հաշուարկը, թէ գերտէրութիւնները կը զսպեն անոր մասնակցութիւնը: Ստացանք լրիւ հակառակը: Եթէ սփիւռքը եւ Հայաստանի Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չընդդիմանային եւ Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները վաւերացման երթային՝ առանց Սահմանադրական ատեանի պայմանական եզրակացութեան, գուցէ, այլ ընթացք մը ունենար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը: Բայց պատմութիւնը չի հանդուրժեր ըղձական եղանակ եւ ունինք այն ինչ, որ ունեցանք:

-Կայ կարծիք, թէ հայկական կողմը եթէ նոյնիսկ յաղթանակ տանէր այս պատերազմի ընթացքին, ապա Արցախի կարգավիճակը պիտի շարունակէր մնալ անլոյծ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակ պարտադրելը 1998 թուականէն ի վեր տիրող մտայնութիւն մըն էր: Բանակցութիւնները միշտ յետաձգուած են այդ պահու ակնկալութեամբ: Բայց, կը կարծեմ, թէ ճիշդ են անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ իրաւական կարգավիճակը նոյնը կը մնար:

-Այսօր ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը մօտ է «Արցախի հարցը լուծուած է» բառակապացութեան, որու մասին ակնարկներ կատարուեցան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ։ Այս մասին ի՞նչ կ՚ըսէք։

-«ԹԱՍՍ» պետական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռուտենքօ վերահաստատած է՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործընթացին մասնակցութիւնը շարունակելու իր երկրի պատրաստակամութիւնը: Սա ազդակ մըն է, որ Ռուսաստան խնդրի ռազմական լուծումը աւարտած համարէ: Կարծիքները տարբեր են: Իմ տպաւորութեամբ, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ կ՚ընդունին, թէ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակեցումն ու միջազգայնօրէն ճանաչումը՝ հարցը վերջնականապէս լուծուած չէ: Ռուտենքօ յղում ըրած է ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշտի գագաթաժողովի որոշման: Իսկ այնտեղ Լեռնային Ղարաբաղ ճանչցուած է՝ որպէս պատերազմած կողմ եւ ապագայ կարգավիճակի ենթակայ: Ներկայիս փոխուած է ռազմական կարգավիճակը, սակայն քաղաքական եւ իրաւական դիտանկիւնէն ոչինչ փոխուած է: Եւ Ռուսաստան, կարծես, զգուշաւոր պատասխան կու տայ Ատրպէյճանի նախագահին։ Այսպէս, միեւնոյն է, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պիտի քննարկուի եւ Մոսկուա միայն խորհուրդ կու տայ չշտապել: Նոյնը կ՚ընեն Ֆրանսան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Շատ բան կախուած է Սպիտակ տան նոր վարչակազմէն: Բայց, մեծ ընելիքներ ունի առաջի՛ն հերթին հայկական դիւանագիտութիւնը՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ: Նախապաշարումներէն պիտի կարողանայ վեր կանգնիլ եւ ուղղակի երկխօսութեան երթալ Էրտողանի հետ, իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան հետ, թուրք ազգայնականութեան պարագլուխ Պահչելիի հետ, Հրէական լոպիի եւ Երուսաղէմի հետ: Դիւանագիտութիւնը պէտք չէ կաշկանդուած ըլլայ «պատմական թշնամի» կամ «դարաւոր բարեկամ» բարդոյթներով՝ մանաւանդ, որ «թշնամին» եւ «բարեկամը» շատ հարցերու մէջ գործընկեր են:

-Համաձայն է՞ք այն կարծիքին հետ, թէ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի քաղաքական թիւ մէկ առաջնորդները արագօրէն հրաժարական պէտք է տան։ Կրնա՞ք բացատրել, թէ ինչո՞ւ։

-Սոսկական հրաժարականը հարց կը լուծէ՞: Կա՞յ այլընտրանքային ծրագիր: Ես չեմ տեսներ: Խնդիրը մէկ անձը միւսով փոխե՞լն է: Իսկ Հայաստան ի՞նչ պիտի շահի անկէ: Հայաստանի մէջ քաղաքական նոր մշակոյթ մը պիտի ձեւաւորուի, բայց մենք այդքան ժամանակ չունինք: Ուստի, պէտք է վերադառնալ անկախութեան նախասկիզբի արժեհամակարգին՝ բաց երկխօսութիւն բոլոր հարեւաններուն հետ, հրաժարումը հայդատական եւ պահանջատիրական զգացումները պետական պարտաւորութիւն համարել է, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով՝ փոխադարձ զիջումներ: Զիջումներու մեր առարկայական պաշարները կորսուած են: Փոխադարձ համաձայնութիւնը հնարաւոր է միայն քաղաքական հարթութեան վրայ, որն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի ենթակայութիւն եւ ցեղային ամբողջականութեան վերականգնում նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ամբողջ տարածքէն ներս: Ատրպէյճանի զիջումը պիտի ըլլայ հրաժարիլ պետութեան մեկուսի կառուցուածքէն: Այդ պարագային քանի մը լուծումներ կրնան ծնիլ: Ստեփանակերտի առաջին դէմքի հրաժարականի խօսակցութիւնը խիստ վտանգաւոր է, որովհետեւ չունինք երաշխիք, թէ յաջորդը ընտրելու պատեհութիւն կ՚ունենանք: Երբ որ կը կարգաւորուի այս կնճռոտ խնդիրը, ապա այդ ժամանակ կը տեսնենք՝ կա՞յ հանրային պահանջ, թէ՞ ոչ ոմանք պարզապէս առիթը կ՚օգտագործեն, որպէսզի կարգուին Լեռնային Ղարաբաղի զօրավար-նահանգապետ: Ասոր համար ներքին համաձայնութիւններու փուլէ մը պէտք է անցնիլ:

-Պատերազմը ստեղծեց նոր իրականութիւն։ Արդեօք այս վիճակը կը տանի՞ դէպի նոր պատերազմի մը, կամ թէ Հարաւային Կովկասի երկու հիմնական խաղացողները՝ Մոսկուան եւ Անգարան արդէն իսկ որոշ պայմանաւորուածութիւններ ունին սպասուելիք «ճանապարհային քարտէս»ին կապակցութեամբ։

-Փութին-Էրտողան եւ Լենին-Աթաթիւրք համեմատութեան առաջին անգամ հանդիպած եմ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ, Ատրպէյճանի մամուլին մէջ: Բայց այդ մէկը պարզունակ է: Ներկայիս իրողութիւնները տարբեր են: Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութեան հասնելու գուցէ շատ մեծ ցանկութիւն ունին, բայց՝ ոչ համապատասխան միջոցներ: Թուրքիան՝ մանաւանդ, ՆԱԹՕ-էն հեռանալու եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կապերը խզելու մէջ շահ չունի:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս