Ռուսիա («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)Ռուսական Գրէմլի մէկ բանբերը այսօր յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ երէկ նախագահ Փութինի Ռուսական ուժերու Սուրիայէն քաշուելու վերաբերեալ որոշումը պէտք չէ ընդունիլ, որպէս Սուրիոյ գործող նախագահին դէմ ճնշելու միջոց: Նոյն բանբերը նաեւ յայտնած է, որ ռուսական կողմին համար այսօր ամէնէն առաջնային օրակարգը Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ընթացող քաղաքական գործընթացներուն նեցուկ կենալն է: