image

Գերմանիա իր դռները պիտի փակէ գաղթականներուն դէմ

Գերմանիա իր դռները պիտի փակէ գաղթականներուն դէմ

Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքը փակած է իր դռները փախստականի կարգավիճակ ստանալու համար դիմում ներկայացնող փախստականներուն դէմ, կը գրէ «Sky News» լրատուական կայքը:

Կայքին փոխանցմամբ, որոշման պատճառն այն է, որ օրերս երկու սուրիացի գաղթական պատանիներու եւ գերմանացի խումբ մը երիտասարդներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է:

Բախումը պատճառ դարձած է, որ գերմանացի երիտասարդներէն մէկը դանակահարման հետեւանքով վէրքեր ստանայ, որմէ ետք ոստիկանութիւնը սուրիացի պատանիները ձերբակալած ու բանտարկած էձ

Նշուած է նաեւ, որ ձերբակալուած պատանիներէն մէկը դպրոցի ուսուցիչներուն նկատմամբ նոյնպէս բռնի արարքներ փորձած է կիրառել: