2015 թ.ի Դեկտեմբերին, հասարակութեան հասանելի դարձած է Փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի նոր ուսումնասիրական հատորը՝ «2015.- Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ եւ Նախահայեցութեամբ Վերլուծում մը», որ լոյս տեսած է Գանատայի մէջ:Նշենք, որ հայ փիլիսոփայութեան դոկտ. Սեդա Տատոյեանի «Ֆաթիմիական Հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը Միջնադարու Իսլամական Աշխարհին Մէջ» գործերը ամբողջովին նոր վերլուծումներ կը նկատուին: Դոկտ. Տատոյեան հեղինակ է նաեւ տասնեակ մը հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու: Ան 2015 թ.ի Նոյեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ պարգեւատրուած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով: