image
Հրատապ լուրեր:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւն Առաջին Տեսաժողովը «Հայերը 2115ին» Գիտաժողովի Զեկոյցի Հրապարակման Առթիւ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւն Առաջին Տեսաժողովը «Հայերը 2115ին» Գիտաժողովի Զեկոյցի Հրապարակման Առթիւ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Երեքշաբթի Յունուար 26ին առաջին անգամ ըլլալով համացանցի միջոցաւ տեսաժողով մը կազմակերպած էր միաժամանակ երեք աշխարհամասերու քաղաքներու միջեւ՝ Լոնտոն, Լոս Անճըլըս եւ Երեւան, վիճարկումի նոր ձեւաչափ մը՝ քննարկելու «Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» Լիզպոնի մէջ 2014 Հոկտեմբերին «Հայերը 2115ին. Ռազմավարական ուղղութիւններ 21րդ դարուն համար» գիտաժողովի զեկոյցին հրապարակման առթիւ։ Յիշեցնենք, թէ 2014 Հոկտեմբեր 13-14ին Հիմնարկութիւնը կազմակերպած էր երկօրեայ բացառիկ գիտաժողով մը՝ քննարկելու համար հայ ժողովուրդի ապագայի հեռանկարները համաշխարհային դիտանկիւնէն, որուն մասնակցած էին աշխարհասփիւռ հայ համայնքը ներկայացնող 40 մտաւորականներ եւ ազգային գործիչներ՝ տարբեր երկիրներէ։ Հրաւիրուած էին նաեւ օտար փորձագէտներ։ գիտաժողովէն տարի մը ետք 2016 Յունուար 25ին հրապարակուեցաւ այդ աշխատանքներէն բխած զեկոյցին բովանդակութիւնը եւ այդ առիթով էր որ կազմակերպուեցաւ երեք երկիրներու միջեւ համացանցային տեսաժողովը:

 

 

Սոյն նախաձեռնութեան բացումը կատարեց «Կիւլպէնկեան»ի հոգաբարձու մարմնի անդամ Մար- թին Եսայեան (Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռը)։ Ան ըսաւ թէ արդէն այս հեռահաղորդակցական ծրագիրը բաւական շարժում ստեղծած եւ շշուկներու առիթ տուած է եւ կայքէջերու վրայ նախապէս դիտարկումներ ու նշումներ եղած են, յայտնուած են կարծիքներ։ Մ. Եսայեան շարունակեց ըսելով որ երեւոյթը ճարտարագիտական գետնի վրայ նորոյթ մըն է, որու միջոցաւ կարելի կ՚ըլլայ տարբեր կեդրոններու մէջ մտաւորականներէ բաղկացած խումբեր կազմել, որոնք յետոյ հրաւիրեալներու եւ համացանցէն ստացուած հարցումներու կամ դիտարկումներու հիման վրայ քննարկումները պիտի ընդլայնեն։ Պրն. Եսայեան նշեց թէ՝ “մենք արդէն բնականաբար միջազգայնացած ժողովուրդ ենք եւ պայմաններու բերումով է որ այդպէս եղած ենք եւ առ այդ այժմ պէտք է ընդհանրական ձեւով մտածել, ընդհանրական հեռանկարներ ունենալ եւ մասնակցիլ նման հանդիպումներու կամ նախաձեռնութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխարհի տարբեր անկիւններէ ստացուած տպաւորութիւններու լոյսին տակ հարստացնել մեր խորհըրդածութիւնները”։ Այնուհետեւ խօսքը փոխանցեց Ռազմիկ Փանոսեանին, Կիւլպէնկեանի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէնին, որ նախաձեռնողն էր «Հայերը 2115ին. Ռազմավարական ուղղութիւններ 21րդ դարուն համար» խորագրեալ ծրագրին։ Վերջինս նախ օրինակներ բերաւ համացանցի վրայ այս նիւթին շուրջ կատարուած կարգ մը նշումներէ, ինչպէս՝ “մէկը հարց կու տայ թէ որոնք են Սփիւռքի մէջ գործօն հաստատութիւնները. միւսը կը խօսի Հայաստանի նկատմամբ մեր իտէալականացուած երեւակայութեան մասին, ուրիշ մը կ՚ըսէ թէ պէտք է ժողովուրդին խօսքը մտիկ ընել, որովհետեւ Հայաստանի ղեկավարները չեն որ երկրին իրական պատկերը կը ներկայացնեն, եւայլն, եւայլն”։ Փանոսեան այնուհետեւ ներկայացուց «Հայերը 2115ին. Ռազմավարական ուղղութիւններ 21րդ դարուն համար» զեկոյցին ընդհանուր պատկերը եւ խօսեցաւ տարբեր կարելիութիւններու մասին, ինչպէս՝ Հայաստանի վրայ Ռուսաստանի ազդեցութեան հզօրացումը եւ «ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն դրութեան» հաստատումը, Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումները ընդհանրապէս քաղաքացիական միաւորներու կողմէ ժողովրդավարութեան հետապնդման լոյսին տակ՝ յատկապէս ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ, եւ այս՝ հակառակ կառավարութեան ժխտողական դիրքորոշման, Արցախի եւ Ազէրպայճանի միջեւ պատերազմական վիճակը եւ անոր ոչ դրական հետեւանքները, Միջին Արեւելքի վտանգաւոր կացութիւնը եւ վերջապէս հայ ժողովուրդին դէպի Արեւմուտք գաղթը։ Ռազմիկ Փանոսեան ապա խօսեցաւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին, զորս պէտք է վերասահմանել որպէսզի կարելի ըլլայ հայութեան ինքնութեան ապագայի պատկերը ձեւակերպել։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազէրպայճանի հետ նոր քաղաքականութեան մշակման հարցին։ Յետոյ խօսքը փոխանցուեցաւ Լոս Անճըլըսի մէջ հաւաքուած կորիզին, ուր զրուցակիցներն էին Սալբի Ղազարեան (նախկին «Սիվիլնէթ»ի գլխաւոր խմբագիր եւ այժմ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն) եւ Րաֆֆի Արտհալճեան։ Ս. Ղազարեան ըսաւ թէ Սփիւռքը պէտք է արդէն ձեւով մը վերասահմանուի, որովհետեւ այսօր ան նո՛ր պատկեր մը ստացած է, նկատի ունենալով որ համայնքային հաստատութիւններու կողքին կան առանձին անձեր որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին ու մեծ գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ այս երկուքը միասնաբար կը կազմեն ներկայի ընդհանուր պատկերը։ “Այսօր Սփիւռքը այլեւս միատարր մարմին մը չէ, այլ՝ կան սփիւռքներ որոնք այնքա՜ն տեղայնացած դիմագիծեր ունին, զորս կարելի չէ մէկ պարունակի մէջ տեղադրել”, նշեց բանախօսը եւ աւելցուց թէ ներկայիս Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի պետութենէ անջատ երիտասարդական շարժում մը որ աւանդական կառոյցներէն անկախ է։ “Այդ երիտասարդները լաւապէս կը տիրապետեն ճարտարագիտական արուեստին եւ շատ գործօն են”, աւելցուց Սալբի Ղազարեան։ Րաֆֆի Արտհալճեան շարունակելով երիտասարդներուն առընչուող նիւթին շուրջ քննարկումը, ըսաւ թէ այժմ մանր խմբակներու ցանց մըն է որ կը գործէ ապակեդրոնացած եւ անդրազգային ձեւով։ Ան ընդգծեց թէ այսօր ոչ միայն հայութեան, այլ ընդհանրապէս մարդկութեան առջեւ ծառացած խնդիրները պէտք է լուծուին ոչ միայն կառավարութիւններու եւ պետութիւններու միջոցաւ, այլ նաեւ այն անձերու եւ հաստատութիւններու կողմէ, որոնք հսկայական գումարներ կը յատկացնեն ու ներդրումներ կը կատարեն։ Ան յիշեց Զուգըրմանի, Պիլ Կէյթի, բայց նաեւ Վարդանեանի կամ Սամ Սիմոնեանի նման անհատներու անունները, որոնց նախաձեռնութիւնները յետագային շատ կարեւոր ազդեցութիւններ պիտի ունենան։ Ր. Արտհալճեան արծարծեց նաեւ հետաքրքրական այն գաղափարը, թէ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ արդէն իսկ հաստատուած Սփիւռքի «մարմին» գոյութիւն ունի եւ կը մնայ անոր անդամներուն միջեւ կապեր հաստատել եւ աշխատանքը յառաջացնել։ Ան համացանցային պատկեր մը տալով նշեց թէ արդէն «Hardware»ը գոյութիւն ունի եւ պէտք է «Software» մը կազմել եւ ծրագրել։ Յայտնենք թէ Համալսարանի սրահին մէջ շուրջ 50 հոգի հաւաքուած էին։ Երեւանի մէջ սոյն համացանցային զրոյցին չորս հոգինոց խումբին հաղորդավարն էր Արմէն Տէր Կիւրեղեան, որ ըսելով թէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պէտք է կայուն կապ մը հաստատել, խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Պարսկաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին։ Իսկ Պետական համալսարանի դասախօս Մարք Գրիգորեան նշեց թէ Թուրքիան Հայաստանի դրացի երկիր մըն է եւ անցեալին (2000 թուականին) Հայաստան-Թուրքիա կապերու մերձեցման գծով խումբեր կազմուած էին, որոնց շնորհիւ է որ հոն քաղաքացիական կազմակերպութիւններ սկսան առանց վախի արծարծել մինչ այդ «թապու» նկատուող Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը։ Իր կարգին Սամ Սամուէլեան ըսաւ թէ “ընդհանրապէս մեր մօտ գոյութիւն ունի զգացական դրամագլուխ մը Հայաստանի նկատմամբ”, բայց պէտք է Հայրենիքի հետ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնել, որովհետեւ տակաւին գրեթէ հայ աշխարհացրիւ զանգուածին 80 առ հարիւրը Հայաստան չէ այցելած եւ “մենք պէտք ունինք հզօր Հայաստանի եւ հզօր կազմակերպութիւններու”։ Ան այս ուղղութեամբ տուաւ «Թումօ»ի եւ «100 կեանք»ի օրինակները։ Հայաստանէն Արման Ջիլաւեան խօսեցաւ ընդհանրապէս տիրութեան զգացումի բացակայութեան մասին, ըսելով թէ ոչ մէկ խնդիր կը նկատենք մերը, չենք խօսիր անոնց մասին եւ թէ Հայաստանը մեր սեփականութիւնը սեպելու գծով կարծէք թէ կապերը կորսնցուցած ըլլանք, ուրիշներուն ձգելով այս ուղղութեամբ որոշումներ կայացնելու գործը: