Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։
Լը Տրիան, որ խօսած է RTL կայանին նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը ոչ մէկ սէնթ պիտի տրամադրէ Լիբանանին այնքան ժամանակ, որ երկրին մէջ սպասուած բարեփոխումները չեն կատարուած։
Ան սլաքներ ուղղած է Լիբանանի քաղաքական վերնախաւին եւ նշած «Լիբանան կանգնած է վերացման վտանգին առաջ եւ եթէ քաղաքական գործիչները սպասուած զիջումները չիրականացնեն, ապա երկիրը այս անգամ կրնայ վերանալ»։
Տակաւին պարզ չէ, թէ Լէ Տրիան ինչ ըսել կ՚ուզէ գործածաելով «Լիբանանը պիտի վերանայ եզրոյթը», սակայն շատ հաւանաբար ան կ՚ակնարկէ տնտեսական ամբողաջական փլուզման, եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի։
