image

Ֆրանսա կ՚աջակցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ապահովման...

Ֆրանսա կ՚աջակցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման ապահովման...

Ֆրանսան կ'աջակցի սուրիական ճգնաժամի քաղաքական լուծմանն ու փախստականներու անվտանգ վերադարձին հայրենիք: Այդ մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նստաշրջանին, կը հաղորդէ ТАСС-ը:

«Անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքը Սուրիոյ հարցի քաղաքական լուծման ուղղութեամբ», - ըսած է Մաքրոնը:

Ֆրանսայի առաջնորդը շեշտած է, որ Փարիզը «հաւատարիմ է Սուրիոյ մէջ կայունութեան պահպանման»: Ան նաեւ ողջունած է Սուրիոյ Սահմանադրական կոմիտէի ստեղծումը, որու մասին յայտարարուած էր նախօրէին: