Ֆրանսայի դատարանը որոշում կայացուցած է ազատ արձակել Քոսովոյի նախկին վարչապետ Ռամուշ Հարատինայը, որ շաբաթ մը առաջ ձերբակալուած էր՝ 2004 թուականին իր դէմ Սերպիոյ դատարանին կողմէ հրապարակուած ձերբակալութեան միջազգային որոշման հիման վրայ:
Ըստ «Անատոլու» գոէծակալութեան փոխանցած տեղեկութեան, Հարատինայի ազատ արձակման վճիռը կայացնող ֆրանսական Քոլմար քաղաքի վերաքննիչ դատարանը յայտարարած է, որ մինչեւ Սերպիա անհրաժեշտ լրացուցիչ փաստաթուղթերն ուղարկէ, Ռամուշ Հարատինայ դատական վերահսկողութեան տակ պիտի մնայ:
Նշենք, որ Հարատինայ 2004 թուականին Սերպիոյ դատարանին կողմէ մեղադրուած էր որպէս «պատերազմի յանցագործ», որուն հետեւանքով առաջին անգամ ձերբակալուած է Սլովենիոյ մէջ, 2015 թուականին:
Յիշեցնենք, որ Հարատինայ 1998-1999 թուականներուն «Քոսովոյի Ազատագրման Բանակ»ի ղեկավարն էր, այնուհետեւ Սերպիայէն անկախանալէն ետք, 2004-2005 թուականերուն զբաղեցուցած է Քոսովոյի վարչապետի պաշտօնը:
Նշենք նաեւ, որ անցեալին, նախկին Եուկոսլավիան ապացոյցներու բացակայութեան հիմքով անմեղ ճանչցած էր Ռամուշ Հարատինայը: