image

Էտկար Առաքելեանը յետ այսու պատգամաւոր չէ

Էտկար Առաքելեանը  յետ այսու պատգամաւոր չէ

ՀՀ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Էտկար Առաքելեանը այլեւս պատգամաւոր չէ:  Այսօր  այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

«Հիմք ընդունելով պատգամաւորի դիմումը, եւ առաջնորդուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Սահմանադրական օրէնքի 154-րդ յօդուածի առաջին մասի 6-րդ կէտի պահանջով, այսուհետեւ  դադրած կը համարենք «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակով ընտրուած պատգամաւոր Էտկար Առաքելեանի պատգամաւորի լիազօրութիւնները: Այս մասին համապատասխան գրութիւն ուղարկած եմ ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանին»,- ըսած է Միրզոյեանը:

30 Օգոստոսին  Էտկար Առաքելեանը յայտնած էր իր  պատգամաւորական մանդատը վար դնելու որոշման մասին՝ վստահեցնելով, որ որոշումը բացառապէս իրն  է եւ պարտադրուած չէ որեւէ մէկուն կողմէ: