Սուրիական հողերու ողջ տարածքին «Հըզպալլա»ի կողմէ 70 հազար հրթիռ տեղադրուելու լուրը մեծ տարածում գտած է, որ եւ ընկալուած է որպէս Իսրայէլի դէմ ուղղուած արարք: Այլ խօսքով, հաւանական պատերազմի բռնկման պարագային «Հըզպալլա» հնարաւորութիւն պիտի ունենայ թէ' լիբանանեան, թէ' սուրիական հողերէն հրթիռներ արձակել Իսրայէլի ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Նշենք, որ Իսրայէլի համոզմամբ, սոյն շրջանը իր պատմութեան ամենավտանգաւոր շրջանն է, որ իր վտանգաւորութեան աստիճանով կը գերազանցէ 1973 թուականի պատերազմական իրավիճակի բարդութիւնը:
Այս առթիւ իսրայէլեան բանակի պաշտօնական խօսնակը յայտարարած է, որ եթէ «Հըզպալլա» որոշէ սուրիական հողերէն 70 հազար, իսկ Լիբանանէն 110 հազար հրթիռ արձակելու պարագային Իսրայէլ հիմնայատակ քանդելու ելքով պիտի հրթիռակոծէ Դամասկոսը: