image

Երուսաղէմը պէտք Է դառնայ երկու պետութիւններու՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաք. Քերի

Երուսաղէմը պէտք Է դառնայ երկու պետութիւններու՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաք. Քերի

Երուսաղէմը պէտք Է դառնայ երկու պետութիւններու՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաքը: Այս յայտարարութեամբ, ինչպէս կը հաղորդէ «TASS», հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Ճոն Քերի՝ լրագրողներու ներկայութեան ելոյթ ունենալով արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն ներս:

«Երուսաղէմը պէտք Է դառնայ երկու պետութիւններու մայրաքաղաքը»,- նշած Է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը, որ  Յունուարի 20-ին պիտի լքէ իր պաշտօնը: Մէկուկէս ժամ տեւած ելոյթի ընթացքին Քերի բացատրած Է, թէ ինչու ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւնը Դեկտեմբերի 23-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի նիստին ձեռնպահ մնաց այն բանաձեւին շուրջ քուէարկելու, որ Իսրայէլէն կը պահանջԷ անհապաղ դադրեցնել հրէական բնակավայրերու կառուցումը բռնազաւթուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ:

Քերի ընդգծած Է, որ Թէլ Աւիւի կողմէ այդ քաղաքականութեան շարունակումը պիտի խոչընդոտէ «երկու պետութիւն՝ երկու ժողովուրդներու համար» սկզբունքի իրագործումը: «Եկէք պարզ խօսինք, նոր բնակավայրերու կառուցումը ոչ մէկ ընդհանուր բան ունի Իսրայէլի անվտանգութեան հետ»,- ըսած Է ան:

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ելոյթի ընթացքին կոչ ուղղած է Իսրայէլին՝ ճանչնալ Պաղեստին Պետութիւնը 1967 թուականի սահմաններով եւ Արեւելյեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով: «Մենք չենք կրնար հաշտութիւն պարտադրել»,- նշած Է ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը՝ խօսելով պաղեստինա-իսրայէլական ուղղակի բանակցութիւններու մասին: Ընդ որում, ան նախազգուշացուցած Է, որ եթէ Իսրայէլ չընդունի «երկու պետութիւն՝ երկու ժողովուրդներու համար» սկզբունքը, ան պիտի չկարողանայ «իսկական խաղաղութեան մէջ ապրիլ մնացած արաբական երկիրներուն հետ»: «Եւ ես կրնամ վստահօրէն յայտարարել այդ մասին»,- աւելցուցած Է Քերի: