Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»- Պոլիս)- Թրքական «Պիրկիւն» պարբերականի նախկին խմբագիր Պարիշ Ինճէ, որ ցարդ կը գրէ ձախակողմեան թերթին մէջ, դատապարուած է 21 ամսուան ազատազրկմամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյէթ», նշելով, որ ազատազրկամն որոշման պատճառ հանդիսացած է անոր կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հասցէին եղած «վիրաւորական» արտայայտութիւնները, որ ըրած էր այլ դատի մը վերաբերեալ դատարանին ներկայացուցած իր կոչին մէջ: Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, Ինճէ ի սկզբանէ դատապարտուած էր 17-25 դեկտեմբեր 2013-ին իր ներկայացուցած լրատուական զեկոյցի պատճառով, ուր խօսած էր կաշառակերութեան վկայութիւններու մասին, ինչը Էրտողանի եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) կողմէ մեկնաբանուած էր, որպէս կառավարութիւնը տապալելու դաւադրութիւն: Ասոր կողքին, քրէական գործ հարուցուած է Ինճէյի դէմ, զեկոյցի մը մէջ Էրտողանն ու անոր որդի՝ Պիլալ Էրտողանը «վարկաբեկելուն» համար: Այնուհետեւ Ինճէ կրկին դատուած էր դատարանին ներկայացուցած իր պաշտպանական կոչին պատճառով, որու իրաքանչիւր պարբերութիւնը կը սկսէր «գող» բառով, որ ակնյայտօրէն յղուած էր Էրտողանի հասցէին: Իր պաշտպանութեան մէջ Ինճէ նշած էր, որ կամ դժբախտ պատահականութեան արդիւնքով, եւ կամ «Աստծոյ գործն էր», որ դատարանը իրեն դատապարտած է 21 ամսուայ ազատազրկմամբ: Դատարանի վճիռէն ետք, «Պիրկիւն» օրաթերթը 8 մարտին յայտարարած է, որ Ինճէ տեղի պիտի չտայ եւ իր դէմ հրապարակուած դատավճիռը պիտի ներկայացնէ սահմանադրական դատարանի վերաքննիչ ատեանին: