Թուրքիոյ իշխանութիւնները յանկարծ յիշած են օսմանցիներու դարակներուն մէջ մոռցուած ճարպիկ լեզուի դեղագիրը կարդալ: Աւելին, անոնք չեն գոհանար «յիշողութեան դեղագիր»ը կարդալով, այլ գործի կը դնեն այդ ճարպիկ ու անառակ լեզուն: Անոնք երէկ կը խնդային արաբներուն վրայ: Յետոյ այդ կեղծիքը ջուրի երես ելաւ, եւ Սուրիոյ մէջ իրենց կեցուածքներուն բացայայտումէն ետք արաբներուն կէսը քէն պահեց ու կը պահէ Էրտողանի իշխանութիւնէն: Աւելի վերջ խնդացին եւրոպացիներուն վրայ, ու հակառակ Սուրիոյ գաղթականներուն հարցին լուծման դիմաց դէպի Եւրոպա ահաբեկիչներու արտահոսքը արգիլելու նախնական «համաձայնութեան», ամէն բան ըրին, որ հարիւրաւոր իսլամիստներ Փարիզի, Պրիւքսէլի ու Պէրլինի մէջ «կլկլակ» ծխեն ու ապա ահաբեկչական գրոհներ կատարեն: Այդ խաղը բացայայտուեցաւ ու եւրոպական ազդեցիկ մայրաքաղաքներ այս վիճակին դիմաց վեր բռնեցին «հայկական հարց»ի գաւազանը եւ փորձեցին ճնշել Անգարան:
Պունտէսթակի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը աւելիով խառնեց խաղաղ երեւցող, բայց խորքին մէջ եռման ջուրի վերածուած Պէրլին- Անգարա յարաբերութիւններու աւազանը:
Այս իրադարձութիւններէն ետք այդ յարաբերութիւնները ապրեցան եւ դեռ ալ կ'ապրին անօրինակ լարուածութիւն մը ու ցարդ յստակ ալ չէ, թէ ի՞նչ հունով կրնան զարգանալ դէպքերը:
Այս բոլորէն զատ երեւելի է նաեւ, որ Անգարա կը փորձէ ամէն գնով իր վրայ եղած պաշարման օղակը կոտրել:
Առաջին քայլ՝ դէպի Թէլ Աւիւ:
Երկրորդ քայլ՝ դէպի Մոսկուա:
Եւ հիմա երրորդ քայլ՝ դէպի Պաղտատ ու ... Դամասկոս:
Այ՛ո, Դամասկոս:
Այս անգամ Թուրքիոյ վարչապետն է խօսողը եւ յորդորողը, որ պէտք է ամէն գնով յարաբերութիւնները բարելաւել Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ:
Քաղաքականութեան մէջ յիշողութեան տետրակը հաշիւ չի ներկայացներ: Հոն գրուած դաւի, նենգութեան, արեան, զոհերու, կորուստներու բոլոր գումարումները արժէք չունին:
Աւելին հոն արժէք չունի մարդը:
Անգարա այդ մօտեցումով կը մտնէ Միջին արեւելքի նոր աւազանը:
Անոր ձեռքերուն կայ նենգութիւն, դաւ եւ արիւն:
Ու տխուր է նաեւ, որ այս ճշմարտութիւններուն դիմաց Անգարայէն հաշիւ պահանջելու իրաւունք ունեցող բոլոր կողմերը, յանուն «շրջանի խաղաղութեան», սիրայօժար կամքով կրնան ընդունիլ Էրտողանի եւ անոր զինակիցներուն խաղաղութեան կոչերը:
Հարցումը, որ պէտք է լսելի դարձնել՝ արդեօ՞ք կարելի է առանց հաշիւ պահանջելու խաղին մէջ առնել Անգարայի աղմկող սուլթանը: