image

Էրտողան «Փրկեց» Անձ Մը, Որ Կը Փորձէր Ինքնասպանութիւն Գործել

Էրտողան  «Փրկեց»   Անձ Մը, Որ Կը Փորձէր  Ինքնասպանութիւն Գործել

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Տեսերիզով մը ցոյց տրուած է, որ  Թուրքիոյ  նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Ուրբաթ օր, Պոլսոյ Վոսփորի  կամուրջին վրայ համոզած է մարդ  մը, անձնասպանութիւն չգործել, այս մասին կը տեղեկացնէ «Սապահը»: Ան կը նշէ, որ միջադէպը տեղի ունեցած է երբ նախագահը իր շարասիւնով Ուրբաթ օրուան աղօթքը կատարելէ ետք ասիական կողմէն կ'ուղղուէր դէպի եւրոպական  ափ գտնուող նախագահական պալատ, Վոսփորի կամուրջին վրայ նկատուած է իրարանցում մը, ուր ոստիկանութիւնը կը փորձէր ետ մղել մարդ  մը կամուրջէն վար նետուելու որոշումէն:Էրտողանի անվտանգութիւնը ապահովող սպաներու խումբն ու օգնականները իր հրահանգով շտապած են ստուգելու եղելութիւնը եւ մարդուն առաջնորդած նախագահի մօտ, որ ըստ երեւոյթին չմերժելով նախագահի փափաքը մօտեցած է անոր ինքնաշարժին, ձեռքը համբուրած, որպէս յարգանքի նշան:  Էրտողան  զրուցելով մարդուն հետ, որ ծանօթ է Վէզիր Չ. անունով, համոզած է անոր որ այլեւս նման քայլի չդիմէ եւ խոստացած օգնել իրեն, եւ անմիջապէս հեռախօսազանգէր կատարած է պատուիրելով իշխանութիւններուն օգնել յիշեալ անձին         իր խնդիրներու լուծման հաար:Պարզուած է, որ Վէզիր Չ. Թուրքիոյ Սիրդ քաղաքէն է, որ կը գտնուի արեւելեան Թուրքիա, ուրկէ կու գայ նաեւ նախագահի կինը Էմինէ Էրտողանը եւ ուր  մօտիկ անցեալին  Էրտողան ընտրուած էր որպէս պատգամաւոր: