Լիբանան- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան մարմինները յաջողած են ձախողցնել թմրանիւթի մաքսանենգման մեծ գործարք մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նաեւ փոխանցած է, թէ ապահովական մարմինները բռնագրաւած են 2 թոն կշռող փաթեթաւորուած թմրանիւթի քանակութիւն: Աւելի ուշ հաղորդուած է, թէ մաքսանենգութիւն կատարողը Սէուտական Արաբիոյ Ապտըլ Ազիզ գերդաստանի անդամ է եւ ան ծրագրած է թմրանիւթերը Րիատ փոխադրել իր անձնական օդանաւով: Ձերբակալուած են 5 անձեր, որոնց մէջ է նաեւ Սէուտցի իշխանը: