image

Երկրորդ օրն ըլլալով Արսէլի ճակատամարտը կը շարունակուի. Ահաբեկիչ զինեալները ծանր կորուստներ ունին

Երկրորդ օրն ըլլալով  Արսէլի    ճակատամարտը կը շարունակուի. Ահաբեկիչ զինեալները  ծանր  կորուստներ ունին

Լիբանան- Սուրիա սահմանային հատուածին վրայ  եղող  Արսէլ աւանի լեռնային    հատուածներուն վրայ   մարտերը կը շարունակուին:    Այս մասին լուր փոխանցող  աղբիւրներ  այ  առաւօտ   յայտնեցին, որ  «Հըզպալլա», որ   յարձակումը կը գործէ լիբանանեան   հատուածէն,   կարեւոր   յառաջխաղացք   գրանցած է  եւ ծանր վնասներ պատճառած   ահաբեկիչ զինեալներուն:    Իր կարգին «Լիբանան 24» կայքին փոխանցմամբ «Հըզպալլա»ի  3  զինեալներ  զոհուած   են  երէկ, մինչ   զինեալներու  զոհերուն թիւը կը գնահատուի տասնեակներով:

Յիշեցնենք, որ   շաբաթ  մը առաջ  «Հըզպալլա»ի  առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա    իր պատկերասփռուած   ելոյթին ընթացքին   յայտարարած էր,  որ    Արսէլի լեռներուն վրայ  գտնուող     զինեալներուն  «ժամը հասած» է, եւ անոնք պէտք է վճռեն  իրենց ընելիքը:

Յատկապէս «Ալ Նուսրա»  ճակատին դէմ   ընթացող   այս մարտերը  տեղի  կ'ունենան  այն պահուն, երբ նոյնպէս Սուրիոյ տարբեր    քաղաքներուն մէջ Քաթարի   նախկին նեցուկը  վայելող «Ալ Նուսրա»ն   մահ  ու կենաց մարտեր կը մղէ:

Իր կարգին  Լիբանանի կառավարութիւնը, որուն  համար  հիմնական օրակարգը   Արսէլի  անվտանգութեան եւ  փախստականներուն  անվտանգութեան  ապահովումն է,   յայտարարած է, որ բանակը      ամէն գնով   պատրաստ է  իր պարտականութիւնները   կատարել: