image
Հրատապ լուրեր:

Երեսփոխանական թեկնածու Լիբանանցի լրագրող Ալի Ալ Ամին յարձակման ենթարկուած է

Երեսփոխանական թեկնածու Լիբանանցի լրագրող Ալի Ալ Ամին յարձակման ենթարկուած է

Լիբանանի Շաքրա շրջանի «խօսքերէն կուշտ ենք» ցուցակի մաս կազմող թեկնածու լրագրող Ալի Ալ-Ամին ծեծի ենթարկուած է, ինչի հետեւանքով  վէրքեր եւ վնասուածքներ ստացած է եւ ան այժմ Թըպնին հիւնադանոցին մէջ բուժում կը ստանայ:  Այս մասին կը հաղորդ «Lebanon 24», նշելով, որ անոր հետ եղած են նաեւ իր օգնականները, որոնք նոյնպէս յարձակման արդիւնքով վնասուածքներ ստացած են, սակայն արդէն դուրս եկած են հիւանդանոցէն:


Ալ-Ամին հաղորդած է, որ իրենք  ծեծի  ենթարկուած են փայտերով եւ սուր գործիքներով, յարձակողները ջարդած են իրենց մեքենան եւ հեռախօսները ու վերցուցած են անոնց ունեցած նկարներն ու պաստառները: Ան այս յարձակման մէջ մեղադրած է «Հըզպալլա»ի անդամները, որոնք ուզած են խանգարել ազատ ընտրական գործընթացը, արգիլելով  որ իւրաքանչիւր թեկնածու օգտագործէ իրեն հասանելի ազատութեան տարածքը:  Ան նաեւ նշած է, որ այս տհաճ միջադէպը կը դնէ ընտրութիւններու վերահսկիչ մարմնի եւ հանրապետութեան նախագահի ուշադրութեան տակ, որպէս սահմանադրութեան պաշտպան: