image

Ըստ Ալիեւի ականապատ դաշտերու քարտէզները մեծ առաւելութիւն կու տան Ատրպէյճանին

Ըստ Ալիեւի ականապատ դաշտերու քարտէզները մեծ առաւելութիւն կու տան Ատրպէյճանին

Ականապատ դաշտերու քարտէզները մեծ առաւելութիւն կու տան մեզի: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կը հաղորդէ «Ազերթաճ»-ը:

«Եթէ մենք ստանանք բոլոր ականապատ տարածքներու քարտէզները, ապա այդ մեծ առաւելութիւն կ'ըլլայ, այլապէս այդ աշխատանքները կը տեւեն 10 տարի»,-ըսած է ան:

Ան մեկնաբանած է 12 Յունիսին 15 հայ գերիներու վերադարձը: «Հայաստանը հանդէս եկած է որպէս երաշխաւոր, եւ ականներու վայրերը ճիշդ նշուած են: Հայաստանը փոխանցած է Աղտամի շրջանի 97 հազար ականներու քարտէզներ, որոնցմէ 54 հազար միաւորը հակաթանկային են, մնացածը՝ հակահետեւակային ականներ»,-նշած է ան:

Շուշի կատարած այցի շրջանածիրէն ներս Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հռչակագիր ստորագրած են, որ կ'ենթադրէ Աղտամի մէջ թրքական զօրախումբի տեղակայում: