image

Եղածը Ոչ Թէ Գարուն, Այլ Արաբական Ձմեռ Էր. Գէորգ Մըսրլեան

Եղածը Ոչ Թէ  Գարուն,  Այլ Արաբական Ձմեռ Էր.  Գէորգ Մըսրլեան

«Միջին Արեւելքի ընդհանուր  իրավիճակը  կրնայ  տագնապահար ընել ամբողջ  շրջանը»,- «Արեւելք»ին ըսաւ   ջրային պաշարներու  ճարտարագէտ Գէորգ Մըսրլեան:  Ան նաեւ նկատել  տուաւ,  որ   Իրաքէն ետք այսօր  Սուրիա  կը գտնուի ծանր հանգրուանի մը մէջ, եւ եթէ դէպքերը այս ընթացքով   շարունակուին,  ապա  ամբողջ շրջանը   կրնայ    աղէտահար դառնալ: «Ես  աշխատանքիս  բերումով ամէնօրեայ  շփում ունիմ  Յորդանանի կառավարական խաւին հետ, որովհետեւ որպէս  ջրային    պաշարներու ճարատագէտ անմիջական   կապ ունիմ  Յորդանանի ջուրի նախարարութեան հետ եւ կրնամ ըսել, որ այսօր անոնց ամենամեծ մտահոգութիւնը ջուրի    ապահովման հետ  կապուած  շտապողական ծրագրերու իրականացումն է՝  Յորդանան   ապրող    1.5 միլիոն սուրիացի փախստականներու համար»- ըսաւ ան՝ յայտնելով, որ ջուր հարցը տագնապ է  յատկապէս Յորդանանի   եւ   տարածքաշրջանի «Ալ Զահթարի»  (որ   տարածքաշրջանին մէջ սուրիացիներու ամենամեծ  գաղթակայանը  կը   համարուի) գաղթակայանին մէջ: Մըսրլեան   նաեւ նկատել  տուաւ,  որ  ամենամտահոգիչը այնտեղ ապաստանած 400-էն 500 հազար  մարդու օգտագործած  կեղտոտ   ջուրի կուտակումն է եւ  մտավախութիւն կայ, որ այդ ջուրը խառնուի   գաղթակայանին  տակը գտնուող մաքուր ջուրի խոշոր աւազաններուն մէջ, ուստի ծրագրի առաջին քայլը այս օգտագործուած աղտօտ  ջուրի մաքրումն է (waist water treatment):  Մեր զրուցակիցը  նաեւ  յայտնեց, որ հիմա սկսած  է պզտիկ զտման կայաններու շինարարութիւնը եւ յետագային կամաց-կամաց աւելի մեծ կայաններ կառուցելու նպատակով, «գործը ընթացքի մէջ է, բայց ասի վերջանալիք խնդիր չէ, որովհետեւ հետզհետէ այլ մարտահրաւէրներ կ'առաջանան, հետեւաբար դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէս մենք պիտի կարենանք Յորդանանի մէջ բնականոն կեանքը  շարունակել , շատ մտահոգիչ է կացութիւնը»,- յարեց Մըսրլեան:

Անդրադառնալով Յորդանանի քաղաքական իրավիճակին՝ մեր  զրուցակիցը նշեց, որ մինչեւ օրս երկիրը կայուն եւ խաղաղ վիճակ մը ունի, անկախ կատարուած կարգ մը խառնակչական փորձերէն, սակայն Յորդանանի շահեկան խաղաքարտը ժողովուրդի գիտակցութիւնն է, նշելով, որ անոնք ականատես ըլլալով հարեւան երկիրներու մէջ պատահածներուն եւ անոնց արդիւնքներուն, երկրի բոլոր  քաղաքական  խաւերը   դարձած են զգուշաւոր: Ան նշեց  սակայն, թէ անկախ քաղաքական ապահովութենէ, տարածաշրջանի մէջ պատահածը այնուամենայնիւ իր վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ Յորդանանի վրայ, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ, ուր շատ արագ կերպով անոր միջոցները  կրնան  սպառիլ  «եթէ միջազգային հանրութիւնը  շտապ օգնութիւն մը չընէ Յորդանանին,  մանաւանդ ջրային  պաշարներու   ապահովման առընթեր»:

Մըսրլեան խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ  սկիզբ  առած   չակերտեալ Արաբական Գարնան մասին, նշեց, որ «Այս  անուանումը  սխալ անուանում մըն է, ասի արաբական գարուն չէ, այլ ինչպէս 4 տարիներ առաջ թագաւորը ըսած էր,թէ  այս մէկը «արաբական ձմեռ է», ինչի ապացոյցը եղան երկիրներու քայքայումն ու ժողովուրդներու աղէտը: Այս  առումով ներկայացնելով  իր համոզումը՝  ան ըսաւ «կը կարծեմ, որ Արեւմտեան երկիրները կ'ուզեն Միջին Արեւելքը ներսէն քայքայուած ըլլայ, որպէսզի իրենք դիւրաւ ձեռք դնեն այնտեղ գտնուող նաւթին եւ կազին վրայ» աւելցնելով, որ արդէն բոլորին յստակ է, թէ մինչեւ 2045-47 թուականներ  աշխարհի նաւթը պիտի   սպառի , իսկ կազը, համեմատաբար քիչ մը աւելի երկար կեանք պիտի ունենայ, հետեւաբար արեւմտեան երկիրները խառնաշփոթ վիճակ կ'ուզեն ստեղծել, որպէսզի օգտուին «եւ ահաւասիկ այսօր կը տեսնենք ինչպէս Իրաքի եւ Սուրիոյ  նաւթը կը կողոպտուի, կը թալանուի եւ նոյնիսկ  դէպի Թուրքիա կը տարուի»,- ըսաւ ան, եզրակացնելով, որ այս ծրագիրներու դրդապատճառը տնտեսական է: Մըսրլեան  անդրադառնալ տուաւ  այն փաստին, որ որոշ Արեւմտեան ուժեր կ'օգտագործեն իսլամներու միջեւ կրօնական հակամարտութիւնները եւ ատելութիւն կը   սերմանեն  ժողովուրդներուն  միջեւ, բան մը, որ նախապէս գոյութիւն չէր ունեցած:  «Յորդանանի մէջ մենք արաբ, այլազգ, հայ, քրիստոնեայ, բոլորս միասին ապրած ենք, առանց ոչ մէկ տարբերութեան, նոյն սովորութիւնները, նոյն ճաշերը, նոյն հագուստի ձեւերը, մեր տօները իրար հետ տօնած ենք, հիմա դժբախտաբար այդպիսի կեանք չկայ, ամէն մէկը իր պատեանին մէջ է որպէսզի պաշտպանուի» ըսաւ ան, նշելով որ այս ամէնը թաքուն ծրագիրներու հետեւանք է, որ կը միտի հասարակութիւն քայքայելով չարաշահել տնտեսական աղբիւրները: Նշենք, որ Գէորգ Մըսրլեան ներկայիս կը  վարէ  յորդանանեան SWCO      ջրային պաշարներու   պահպանութեան   ընկերութեան    վերստուգող    տնօրէնի  պաշտօնը:   Գէորգ Մըսրլեանի    հետ  մեր ունեցած  հարցազրոյցին ամբողջութիւնը  պիտի հրապարակենք   յառաջիկայ օրերուն: