image

Ձերբակալուած է լիբանանցի զինուոր Ապաս Մըտլէժը մորթած ահաբեկիչը

Ձերբակալուած  է լիբանանցի    զինուոր Ապաս Մըտլէժը  մորթած  ահաբեկիչը

Լիբանան-(«Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Լիբանանի  ընդհանուր ապահովութեան տնօրինութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալուած է  բանակի զինուոր  Ապաս Մըտլէժը  մորթող ահաբեկիչը: Այս մասին մանրամասնելով՝ «Ալ-ժատիտ» կը տեղեկացնէ, որ անվտանգութեան ուժերու կողմէ  իրականացուած ահաբեկչական ցանցերու հետապնդումի եւ բացայայտումի աշխատանքներու ընթացքին ձերբակալուած է ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ Սուրիոյ քաղաքացի մը:(Շ. Ճ.):  Աւելի ուշ անվտանգութեան կողմէ եղած յայտարարութեամբ մը, պարզուած է, որ հետաքննութեան արդիւնքով Շ. Ճ. կոչեալ ձերբակալեալը խստովանած է իր «Տահէշ»ի ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանելիութիւնը: Ձերբակալեալը խոստովանած է, որ ինք անձամբ սպաննած  է  զինուոր Ապաս Մըտլէժը, եւ իրականացուցած է  ներքին անվտանգութեան տեղեկատուական բաժնի առաջին լիազօր Ըզզ Ալ-Տինի սպաննութիւնը: Ան   խոստովանած է լիբանանեան բանակի կեդրոններու վրայ զինեալ  խումբերու իրականացուցած  յարձակումներուն իր ներգրաւուած ըլլալը, որ      գրանցուած է Ժըրուտ Արսէլի շրջակայքը, 2  օգոստոս 2014-ին,   ինչպէս նաեւ խոստովանած է այլ զինուրականներու առեւանգման եւ սպանութեան գործողութիւններու  իր մասնակցութիւնը: Հետաքննութեան աւարտէն ետք, ձերբակալեալը յանձնուած է իրաւասու դատարանին եւ աշխատանքներ կը տարուին ձերբակալելու ոճիրներու մէջ ներգրաւուած մնացեալ յանցագործները: