Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամ մը ստեղծուած է այն բանէ ետք, երբ Պուլկարիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անբաղձալի անձ» հռչակած է Պուրկազի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ, Թուրքիոյ կրօնի հարցերով վարչութեան աշխատակից Ուղուր Էմիրօղլուն ու պահանջած, որ այս վերջինը լքէ երկիրը: Ըստ «Վաթան» թերթի կայքէջին, պուլկարական կողմը որպէս հիմնաւորում նշած է, որ Էմիրօղլու դիւանագիտական պարտականութիւններուն անյարիր գործողութիւններ կ'իրականացնէ, իսկ պուլկարական լրատուամիջոցները գրած են, որ պատճառն այն է, որ Էմիրօղլու կը միջամտէ Պուլկարիոյ ներքին գործերուն:
Այս դէպքէն ետք, Թուրքիա պատասխան քայլ մը առնելով «անբաղձալի անձ» հռչակեց Իսթանպուլի մօտ Պուլկարիոյ գլխաւոր հիւպատոս Անկէլ Անկէլովը, իր կարգին պուլկար դիւանագէտէն պահանջելով, որ ան լքէ Թուրքիոյ տարածքը:
Թրքական աղբիւրը կը նշէ, որ երկու երկիրներու միջեւ լարուած վիճակը աւելի խորքային բնոյթ ունի ու կապուած է Պուլկարիոյ մէջ գործող թրքական Իրաւունքներու ու Ազատութիւններու Շարժում կուսակցութեան նախագահ Լիւթֆիւ Մէսթանի պաշտօնանկութեան հետ:
Կը նշուի, որ կուսակցութեան պատուակալ նախագահ Ահմէտ Տողան Մէսթանը պաշտօնանկ ըրած էր այն բանէ ետք, երբ այս վերջինը ռուսական սաւառնակի վար առնուելէ ետք պաշտպանած էր Թուրքիոյ տեսակէտները:
Կը հաղորդուի, որ անցեալ շաբաթ ալ Պուլկարիոյ Խորհրդարանը որոշում մը ընդունած էր հիմնելու առժամեայ յանձանաժողով մը, որ պէտք է քննէ Պուլկարիոյ ներքին գործերուն Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ միջամտութիւններու մասին պնդումները: