image
Հրատապ լուրեր:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելած է Լիբանանի ԱԳ Նախարարին

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելած է Լիբանանի ԱԳ Նախարարին

Ըստ  ՀՀ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան   մամլոյ ծառայութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պաշտօնավարման ստանձնման առիթով, 13  ապրիլին  հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով` նախարարը յաջողութիւն մաղթեց Սամուէլ Մկրտչեանին իր առաքելութեան իրականացման ընթացքին: Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ Ժըպրան Պասիլին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ողջոյնները: Դեսպան Մկրտչեան վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ամէն ջանք պիտի ներդրուի երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ զարգացնելու եւ ամրապնդելու ուղղութեամբ: Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին հայ համայնքին դերը եւ ներդրումը ինչպէս Լիբանանի պետական եւ հասարակական կեանքի տարբեր մարզերուն, այնպէս ալ հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նախարար Պասիլը տեղեակ պահեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գօտիին վրայ վերջին իրադարձութիւններուն մասին` ներկայացնելով Ազրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները եւ անոնց քաղաքական ու զինուորական հետեւանքները: Կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը ի նպաստ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի արկածախնդրութեան դատապարտման առումներով:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուց, որ իր երկիրը մշտապէս ուշադիր եղած է Հայաստանի դիրքորոշումներուն առնչութեամբ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցած անոնց, ինչ որ պիտի կատարուի նաեւ այս պարագային: