image

Դէպի Հալէպ ներհոսքը քիչ տոկոսներով պիտի ըլլայ .Կարօ Հրեշտակեան

Դէպի  Հալէպ ներհոսքը   քիչ  տոկոսներով պիտի ըլլայ .Կարօ Հրեշտակեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ  գործարար եւ ազգային գործիչ Կարօ Հրեշտակեանը

 


րն. Հրեշտակեան, ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի վիճակը այսօր:


Ես երկար ատենէ ի վեր  Հալէպէն դուրս ըլլալուս պատճառով միայն լսած եմ այդտեղի իրադարձութիւններու եւ իրավիճակի մասին, հետեւաբար կրնամ խօսիլ միայն այն,  ինչ որ  լսած եմ:  Կը կարծեմ որ այն ընտանիքը, որ Հալէպ մնաց վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, վայրէջքէն վերելք պիտի բարձրանայ:  Կրնայ այդ տարբերութիւնը աննշան ըլլալ դուրսը ապրողներու համար, սակայն հոն բնակողին համար շատ էական է:  Օրինակ, պայթումներ չկան, քաղաքը աւելի ապահով եւ կայուն է, իսկ տնտեսական առումով խնդիրը  այլ է, որովհետեւ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ  պարագան մը ունի: Այս պատճառներով ալ չենք կրնար ըսել, որ Հալէպը  այսօր   վերադարձած  է իր նախկին   վիճակին: Իսկ այն անձը որ հինգ տարի բացակաելէ ետք Հալէպ վերադառնայ՝ պիտի յուսախաբի:  Սակայն հալէպահայերը հաւատացած են, որ կարճ ժամանակ ետք քաղաքը վերստին ոտքի պիտի ելլէ: 


-Կը կարծէ՞ք որ դէպի Հալէպ  ներհոսք պիտի ըլլայ:


-Այո՛ կʼըլլայ, բայց դարձեալ քիչ տոկոսով: Ան որ երիտասարդ զաւակ ունի չեմ կարծեր,   որ  կը վերադառնայ, իսկ անոր որու գործատեղին քանդուած է երթալով նորէն դրամագլուխ կապելով ոտքի հանելու դժուարութիւններ   պիտի  դիմագրաւէ:   Իմ կարծիքով սուրիահայերուն եւ մանանաւանդ հալէպահայերուն պարագան խրթին է եւ չենք կրնար մեկնաբանութիւններ ընել, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, ամէն մէկուն պարագան տարբեր է:  Մեր փափաքն է որ բոլորս վերադառնանք, անշուշտ եթէ մեր նախկին Հալէպը ըլլայ:

 

-Ի՞նչ կը մտածէք   Հալէպի վերակառուցման մասին: Երկու ամիս առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  հովանաւորութեամբ   եւ մտայղացումով Անթիլիասի   Մայրավանքին   մէջ  ժողով մը   գումարուեցաւ եւ շուտով երկրորդ  ժողով մըն  ալ  պիտի գումարուի: Ի՞նչ կը խորհիք  այս    առումով:   


-Կը կարծեմ,  որ ինչպէս վերջերս  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ. Տ.Տ. Արամ  Ա. Վեհափառ  հայրապետը  կարեւոր  պատգամներ  յղելով   յայտատարեց, որ «Սփիւռքը պէտք չէ  լքել, Սփիւռքը ի վերջոյ ինքն է հայրենիքի թեւն ու թիկունքը…»,     յատկապէս հիմա   այս խօսքը  յատուկ  թելադրականութիւն մը ունի: Մեծ   պիտի  ըլլան նիւթական ծախսերը  առաջ  տանելու   համար   գաղութի   վերակառուցումը:  Այս  բոլորը  անշուշտ սերտելի հարցեր են, բայց այսօր ես այն գաղափարին հետ եմ, որ չեմ ուզեր ոեւէ մէկ բան քանդուի:  Այսինքն՝ եթէ բան մը կʼուզեմ   կառուցել, չեմ քանդեր որ ուրիշ շէնք մը կառուցեմ մէկ այլ շրջանի մը կամ հայրենիքի մէջ:  Վերաշինութեան համար  ալ մշակուած  քաղաքականութիւն է  պէտք: Օրինակ,  եթէ հինգ քանդուած դպրոց կայ, ապա կրնանք  սկիզբը  միայն  մէկը  վերանորոգել եւ գործի դնել, ետքը երկրորդը, երրորդը…

 

-Դուք մտադի՞ր էք երբեւէ վերադառնալ Հալէպ, կամ յառաջիկայ շրջանին   ձեր ծննդավայրը  այցելել:

 

-Նպատակ ունիմ այցելել, որովհետեւ գործատեղիս քանդուած է եւ կʼուզեմ երթալ  ու տեսնել     ընդհանուր վիճակը: Ի վերջոյ Հալէպը իմ ծննդավայրն  է եւ արդէն երկար ժամանակ  կ’ընէ, որ ես     հեռու  եմ Հալէպէն:

 

 Հարցազրոյցը եւ լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի