image

Դամասկոսի մօտակայ Սասան գիւղին մէջ ականուած ինքնաշարժի պայթումի հետեւանքով զոհուած է հինգ անձ

Դամասկոսի մօտակայ Սասան գիւղին մէջ ականուած ինքնաշարժի պայթումի հետեւանքով զոհուած է հինգ անձ

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մօտակայքը գտնուող Սասան գիւղը ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է, որուն հետեւանքով զոհուած է հինգ անձ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը` վկայակոչելով ոստիկանութեան հաղորդագրութիւնը:
Ըստ աղբիւրին, տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով 15 անձ  տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած է: Անոնցմէ շատերու վիճակը կը գնահատուի խիստ ծանր:

Յիշեցնենք, որ երէկ, 7 Յունվարին, Սուրիոյ Ազազ քաղաքը նոյնպէս ականատես եղած էր պայթումի մը: Ըստ որոշ տեղեկութուններու, պայթումին հետեւանքով զոհուած է 60 անձ, իսկ վիրաւորներու թիւը գերազանցած է հարիւրը: