image

Դամասկոսի հայ համայնքը համաձայն է թեկնածուութեանս. Վահէ Մահշիկեան

Դամասկոսի  հայ  համայնքը    համաձայն է  թեկնածուութեանս.  Վահէ Մահշիկեան

«Ես, որպէս անկախ թեկնածու, պիտի մասնակցիմ յառաջիկայ ապրիլին Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն»,- «Արեւելք»ին ըսաւ դամասկահայ Վահէ Մահշիկեան: Մահշիկեան նաեւ նշեց, որ ինք գլխաւոր քարտուղարն է «հայ-արաբական իրաւական միջազգային խորհուրդին», նշելով, որ այդ խորհուրդը անկախ հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որուն կ'անդամակցին հայեր եւ տեղացիներ: Մահշիկեան  դիտել տուաւ, որ նախքան ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը ներկայացնելը, խորհրդակցած է Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանին հետ եւ վերջինս իրենց յայտնած է, թէ որպէս թեմի առաջնորդ միջամուխ պիտի չըլլայ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ան նշեց, որ յոյս ունի եւ կարեւոր աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւններուն Դամասկոսի հայ համայնքը Սուրիոյ Ազգային Ժողովէն ներս ունենայ երեք հայ երեսփոխաններ: Գործարար Վահէ Մահշիկեան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ անկախութեան օրերուն հայութիւնը ունեցած է ստուար ներկայութիւն Սուրիոյ մէջ, եւ այսօր ինք վստահ է, որ նաեւ պետական շրջանակներու օգնութեամբ՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քէսապի մէջ ապրող հայերը պիտի ունենան արդար ներկայացուցչութիւն մը Ազգային Ժողովէն ներս: Ան պատմական տուեալներ մէջբերելով, նշեց, որ երբ Սուրիան ֆրանսական տիրապետութենէն 1946-ին իր անկախութիւնը հռչակեց, միայն Հալէպի մէջ կ'ապրէին շուրջ 300,000 հայեր, իսկ Դամասկոսի մէջ կային շուրջ 50,000 հայեր, եւ այդ հիմունքով տարիներու ընթացքին հայութիւնը Սուրիոյ Ազգային Ժողովին մէջ ունէր 7 երեսփոխաններ, որոնցմէ 4-ը կ'ընտրուէին Հալէպի, իսկ 3-ը՝ Դամասկոսի մէջ: Ըստ դամասկահայ թեկնածուին, ինքն կարեւոր աշխատանք պիտի տանի, որ յառաջիկայ հանգրուանին Սուրիոյ կառավարութեան մէջ  նոյնիսկ հայ նախարարներ ըլլան: Ան խօսելով Սուրիոյ ներկայ ներքին քաղաքականութեան մասին, նկատել տուաւ, որ միջազգային շրջանակները մօտէն կը հետեւին Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք քաղաքական զարգացումներուն եւ այդ առումով յստակօրէն երեւելի է, որ պետական շրջանակներ յաւելեալ իրաւասութիւններ պիտի տան Սուրիան բաղկացնող բոլոր տարրերուն եւ համայնքներուն եւ ատոնց կարգին նաեւ հայ համայնքին: Ան շարունակելով իր խօսքը, նշեց, որ այսօրուան դրութեամբ Դամասկոսի մէջ կան երեք թեկնածուներ, որոնցմէ մէկն է՝ ինք եւ իր կողքին որպէս թեկնածու առաջադրուած են դոկտ. Նորա Արիսեանը եւ Օրդ. Երատօ Գրիգորեանը: Ան նշեց, որ Հալէպի մէջ եւս այսօրուան դրութեամբ կան հաւանական 10 թեկնածուներ, որոնց անուններու մասին կը դժուարանայ ստոյգ տեղեկութիւններ փոխանցել: Ըստ Մահշիկեանի, այսօր Դամասկոսի մէջ կ'ապրին շուրջ 1000 հայեր, որոնց 900-ը պիտի քուէարկէ իրեն: Մահշիկեան նաեւ յիշեցուց, որ ինք տարբեր մակարդակներու վրայ շփումներ ունեցած է դամասկահայ տարբեր միութիւններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու հետ եւ ընդհանուր համաձայնութիւն մը կայ իր անունին շուրջ: Ան  նշեց, որ շատ հաւանական է, որ միւս երկու թեկնածուները եւս հասնին խորհրդարան: Վահէ Մահշիկեան նշեց, որ 2012 թուականին սուրիահայութիւնը կորսնցուց իր ունեցած վերջին խորհրդարանական աթոռը, որը կը զբաղեցնէր Հալէպէն՝ Սիւմպիւլ Սիւմպիւլեան եւ այդ մէկը վերագրեց գաղութին ընդհանուր անկազմակերպ իրավիճակ մը ունենալուն: Ան  նոյն առումով յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն սուրիահայութիւնը կը ներկայանայ որպէս կազմակերպուած ուժ եւ իր արդար տեղը կը զբաղեցնէ Սուրիոյ Ազգային Ժողովէն ներս: Մահշիկեան, պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօ՞ք յոյսեր կան, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունեանան խորհրդարանական ընտրութիւնները, ըսաւ. «13 ապրիլին ես վստահ եմ, որ Սուրիոյ մէջ պիտի կայացուին խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ այս մէկը մեծագոյն ապացոյց պիտի ըլլայ, որ սուրիացի ժողովուրդը միասնակամ է ու համերաշխ»: Վահէ Մահշիկեան նաեւ յայտնեց, որ ինք մեծ յոյսեր ունի, որ Սուրիան այս ծանր տագնապէն դուրս պիտի գայ եւ յառաջիկայ հանգրուանին, երբ ահաբեկիչ զինեալները վերջնականապէս հեռանան սուրիական հողերէն, այն ատեն պարզ պիտի դառնայ, թէ սուրիացի ժողովուրդը միասնակամ է ու համերաշխ եւ այդ ներուժը պիտի օգնէ, որ նոր հիմքերու վրայ եղած Սուրիան դառնայ բոլորին համար հաւասարութեան, համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման  իսկական հայրենիք: