Ճիզրէ- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ»- Պոլիս)- Ընդդիմադիր CHP կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, այցելելէ ետք Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Շիրնաք նահանգի Ճիզրէ շրջանը, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու միւս գօտիներու շրջանները, որոնք աւերուած են Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերու եւ Քրտական PKK-ի զինեալներու միջեւ շարունակուող հակամարտութիւններու հետեւանքով, կոչ ըրած է, որ պէտք է շուտով այդ շրջանները «աղէտեալ գօտի» յայտարարուին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյէթ», յայտնելով, որ 2 մայիսին հրապարակուած պատուիրակութեան զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, որ այդ շրջաններու քաղաքացիներու կենսապայմանները դիւրացնելու համար պէտք է ամէն տեսակի անհրաժեշտ՝ սնունդի, բժշկութեան, հագուստի, բնակարանի եւ այլ օգնութիւններ տրամադրուին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ճիզրէ շրջանին մէջ 14 դեկտեմբեր 2015-էն ի վեր յայտարարուած պարետային ժամը աւելի քան երկու ամիս շարունակուելէ ետք, 2 մարտէն ի վեր մինչեւ օրս սահմանափակուած է կէս օրով (ժամը 7-էն մինչեւ առաւօտեան 5-ը):
Հակամարտութիւններու ընթացքին շրջանին մէջ սպաննուած մարդոց ինքնութեան ծանօթանալու համար քննութիւններ չեն կատարուած, այդ առումով CHP-ի պատուիրակութիւնը կոչ կ'ընէ, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անկախ յանձնաժողով մը կազմուի այդ հարցերը սերտելու, ինչպէս նաեւ արտօնութիւն տրուի լրատուամիջոցներուն այցելել շրջան, «վերջ տալու համար անյստակութեան» եւ տրամադրելու «առողջ տեղեկատուութիւն» եղածի մասին:
Նշենք, որ պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր CHP կուսակցութեան Իզմիրի տեղակալ Զէյնեպ Ալթիոքը, որ միաժամանակ կուսակցութեան փոխղեկավարն է, որուն միացած էին նաեւ կուսակցութեան այլ պատգամաւորներ: