Բերիոյ թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կարճ այցելութիւն մը տուած է Քեսապ: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Սրբազան հայրը, որ նախագահն է Սուրիոյ օգնութեան եւ վերականգնման մարմնին, հանդիպումներ ունեցած է գիւղի պատասխանատուներուն հետ` քննարկելով ընդհանուր իրավիճակն ու ծանօթանալով գիւղացիներուն ընդհանուր կարիքներուն: Մեր աղբիւրը նաեւ տեղեկացուց, որ Գերաշնորհ Շահան Սրբազանը Քեսապ ժամանած էր Լաթաքիայէն, ուր նախագահած էր Կիրակի օր տեղի ունեցած մատաղի օրհնութեան արարողութիւնը եւ մատուցած էր Սուրբ եւ անմահ Պատարագ:
Լուսանկարը` «Արեւելք»ի արխիւէն: