image

Բանտարկեալ քիւրտ ղեկավար Ահմէտ Թիւրքի առողջական վիճակը վատթարացած է

Բանտարկեալ քիւրտ ղեկավար Ահմէտ Թիւրքի առողջական վիճակը վատթարացած է

Բանտի մէջ գտնուող թրքական Մարտին քաղաքի համաքաղաքապետ Ահմէտ Թիւրքի առողջական վիճակը վատթարացած է. այս մասին կը յայտնէ «Պիրկիւն» թերթին կայքը՝ աւելցնելով, որ Թիւրք տեղափոխուած է Խարբերդի հիւանդանոցներէն մէկը:

Նշենք, որ ազգութեամբ քիւրտ Ահմէտ Թիւրք բազմիցս խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին մասին եւ Թուրքիոյ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած է՝ երկրին մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու կասկածանքով: