Ազրպէյճան- (Լրատուական գործակալութիւններ- Թուրքիա)Ազրպէյճան ծանր սպառազինութիւն ներածող թիւ մէկ երկիրը կը համարուի Եւրոպայի մէջ:Այս մասին տեղեկութիւնը կը տրուի թրքական ԶԼՄ-ներու կողմէ, որոնք կը նշեն, թէ 2006-2010 թուականներու տուեալներուն հետ համեմատած՝ 2011-2015 թուականներուն Ազրպէյճան 217 տոկոսով աւելցուցած է ծանր սպառազինութեան ներածումը՝ դառնալով Եւրոպայի մէջ ծանր սպառազինութիւն ներածող թիւ մէկ երկիրը:Այս տուեալները նշուած են Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին (SIPRI) կողմէ երկուշաբթի, 22 փետրուարին հրապարակուած զեկոյցին մէջ։Եւրոպայի մէջ ծանր սպառազինութիւն ներածող երկիրներու ցանկին վրայ երկրորդ տեղը կը գրաւէ Բրիտանիան, որուն ներածումները վերջին հինգ տարիներուն 17 տոկոսով նուազած են՝ նախորդ հինգ տարիներուն համեմատ:Նոյն ժամանակահատուածին, Ազրպէյճան եօթը անգամով կրկնապատկած է Ռուսիայէն սպառազինութեանց ներածումները։ Յատկանշական է, որ մինչ 2006-2010 թուականներուն ռուսական սպառազինութեանց ամբողջ արտահանման միայն 0.7 տոկոսը ծախուած էր Ազրպէյճանին, այդ համեմատութիւնը 4.9 տոկոսի բարձրացած էր 2011-2015ին։