Երէկ գիշեր ազրպէյճանական կողմը հերթականին պէս խախտած է գործող հրադադարը: Մասնաւորապէս Մարտակերտի ուղղութեամբ արկեր նետուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ԼՂՀ ՊՆ-ի կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ ազրպէյճանական կրակոցներուն հետեւանքով երկու հայ զինուորներ վիրաւորուած են: Զինուորները կը կոչուին Էրիկ Պորիս Մաթեւոսեան (ծն.1991) եւ Ազատ Տիգրան Պարսամեան (ծն.1996): Աղբիւրին համաձայն, հակառակորդը Ակնայ շրջանին ուղղութեամբ հոգիներէ բաղկացող դասակով մը փորձած է ներթափանցել դէպի հայկական դիրքերը եւ հայկական ուժերու դիմադրութեան հանդիպելէ ետք ետ շպրտուած: