image
Հրատապ լուրեր:

«Ազատութիւն» Եւ «Պայքար» Հայերէն Բառերը Լիբանանի Վարչապետարանին Շուրջ Տեղադրուած Քարէ Դարպասներուն Վրայ

«Ազատութիւն» Եւ  «Պայքար» Հայերէն  Բառերը    Լիբանանի   Վարչապետարանին   Շուրջ   Տեղադրուած     Քարէ Դարպասներուն Վրայ

Լիբանան- Լիբանանահայ երիտասարդներ  «Ազատութիւն» եւ  «Պայքար» բառերը   գրած են  Պէյրութի   վարչապետարանին շուրջ  բարձրացուած      քարէ    արգելքներուն վրայ: Նշենք, որ անցնող  երկու օրերուն  բողոքի   թէժ ալիք մը       երեւելի  դարձած էր Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ: Հայ  երիտասարդներ  ուզած են ցոյց տալ նաեւ  իրենց  մասնակցութիւնը քաղաքացիական   շարժումներուն եւ   ապահովական մարմիններուն կողմէ   տեղադրուած քարէ   դարպասներուն վրայ հայերէնով գրած են «Պայքար»  եւ «Ազատութիւն» բառերը:  Աքթիւիսիթները կը պահանջեն աղբահանութեան հարցին  լուծումը: Երէկ  տեղի ունեցած ծանր բախումներէն  ետք  ապահովական մարմիններ ստիպուած եղած են  քարէ դարպասներ  տեղադրել վարչապետարանին  շուրջ: