Ահաբեկչութիւններու եւ զինեալ գործողութիւններու մասին «Ճին» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը յօդուած հրապարակած է, ուր կը նշէ, թէ Տէր Զօրի եւ Պուքամալի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութենէն ետք, մինչեւ ընթացիք նոյեմբեր ամսուայ վերջը խմբաւորումը վերջնականապէս պիտի կորսնցնէ իր աշխարհագրական գոյութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:
«Հակառակ իր աշխարհագրական գոյութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն, սակայն այն չի նշանակեր, որ խմբաւորումը պարտութեան ենթարկուած է որպէս ոչ կեդրոնական զինեալ խմբաւորում, կամ չի կրնար շարունակել իր յարձակումներն իրականացնել»,- յայտնած է կեդրոնի տնօրէնը:
Վերջինս աւելցուցած է, որ ահաբեկչական խմբաւորումը պիտի շարունակէ տարբեր յարձակումներ իրականացնել Իրաքի եւ Սուրիոյ անվտանգութեան ուժերուն դէմ, եւ սպառնալիք պիտի հանդիսանայ երկրի եւ պետութեան միասնականութեան ու անվտանգութեան:
Կեդրոնին համոզմամբ, «Տահէշ»ին դէմ պայքար մղած ու զինք պարտութեան մատնած ուժերուն միջեւ ստեղծուելիք հաւանական հակամարտութիւնը նոյնպէս կրնայ պատճառ դառնալ, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ անվտանգութիւնը խաթարուի, բան մը, որ դարձեալ առիթ պիտի տայ ահաբեկչական խմբաւորման տարածաշրջանին մէջ վերստին հաստատուելու համար: