Լիբանանի մէջ գրանցուող զարգացումները իրենց ժխտական անդրադարձը կը թողուն ոչ միայն երկրի ընդհանուր իրավիճակին ու քաղաքացիներու կենցաղին վրայ, այլ նաեւ մեծ վնաս կը հասցուի Լիբանանի կրթական համակարգին։ Դէպքերուն հետեւանքով, ցոյցերու, բողոքի ալիքի, փակ մնացած ճանապարհներու պատճառով վարժարաններ ստիպուած կ՚ըլլան փակել իրենց դռները։ Ու այստեղ հիմնական հարցումը, որ կը ծագի այն է, թէ արդեօ՞ք վարժարաններու պատասխանատուները պիտի կարողանան փրկել ուսումնական տարեշրջանը։
Այս հարցումները «Արեւելք» ուղղեց Պէյրութի Հայ Աւետարանական վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Մարալ Տէյիրմենճեանին։
-Երկրին մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն հետեւանքով գոյացած մթնոլորտին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել, իրավիճակը մտահոգիչ է՞։
Երկրին մէջ տիրող վիճակը մտահոգիչ է: Ժողովրդային յեղափոխութիւն մըն է որ տեղի կ՛ունենայ եւ արդարացի պահանջ մը ընդդէմ երկրի մէջ տիրող փտածութեան: Լիբանանցին ճնշուած, յուսախափ եւ անիրաւուած կը զգայ: Ներկայ վիճակը կուտակուած ճնշումի պոռթկում մըն է, որ իր հետ կը բերէ զայրոյթ, յուսախաբութիւն եւ պահանջատիրութիւն:
Ակներեւ է նաեւ, որ կան խումբեր, որոնք օգտուելով այս իրավիճակէն «պղտոր ջուրին մէջ ձուկ կ՛որսան» եւ իրենց անձնական կամ կուսակցական օրակարգերը յառաջ կը մղեն:
-Բողոքի այս ալիքը դրական տեղաշարժ պիտի բերէ՞ Լիբանանին. Դուք լաւատես է՞ք։
Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛անդրադառնայ ժողովուրդին պահանջներուն գոհացում տալու անհրաժեշտութեան, սակայն մինչեւ օրս գործնական ոչ մէկ քայլ առնուած է այս ուղղութեամբ: Կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ, որովհետեւ ժողովուրդը երկրին ղեկավարներուն նկատմամբ իր վստահութիւնը կորսնցուցած է: Երկիրը կը դիմագրաւէ յատկապէս տնտեսական տագնապ, դրամատուները նոր սահմանափակումներ կը ճշդեն, վտանգելով ժողովուրդին ապահովութեան զգացումը:
-Տարբեր ժամանակներու ականատես եղած էք նմանատիպ բողոքի ցոյցերու, գործադուլներու. այս ցոյցերը ինչո՞վ կը տարբերին անցեալի ցոյցերէն։
Ակներեւ է, որ ժողովրդային շարժումին նպատակներուն կողքին, կը հետապնդուին նաեւ միջազգային նպատակներ: Տարբեր կուսակցութիւններ եւ համայնքներ ունին հակասական պահանջներ եւ այս բոլորին գոհացում տալը կը խոչընդոտէ բարեկարգումներ մշակելու ծրագիրը:
-Ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան ցոյցերը կրթական համակարգին ու յատկապէս ձեր ղեկավարած վարժարանին վրայ։
Ցոյցերը արգելք հանդիսացան դպրոցէն ներս մեր ամէնօրեայ բնականոն ընթացքին, որովհետեւ կեդրոնական փողոցները փակուեցան երբեմն հրկիզուող անիւներով, երբեմն ալ ցուցարարներու բազմութեամբ: Մինչեւ օրս Լիբանանեան բոլոր վարժարանները փակ մնացին 13 դպրոցական օրեր:Այս մէկը խոչընդոտ հանդիսացաւ կրթական ծրագիրներու հեզասահ ընթացքին, որուն որպէս հետեւանք յետաձգուեցան ճշդուած ժամկէտներն ու ծրագիրները: Աշակերտութեան մօտ յառաջացաւ անտրամադրութիւն, թուլութիւն եւ անհոգութիւն:
-Ի՞նչ ճիգեր պիտի գործադրէք փրկելու համար կրթական տարեշրջանը. տրուած ըլլալով, որ շատեր կը խօսին ուսումնական տարեշրջանի վտանգուած ըլլալուն մասին։
Մեր վարժարանէն ներս նոր որոշումներ որդեգրեցինք փրկելու համար կրթական տարեշրջանը: Որոշեցինք որոշ շաբաթ օրեր դասաւանդութիւն կատարել, ամփոփեցինք քննութեան օրերը ինչպէս նաեւ որոշեցինք կարգ մը արձակուրդներ կրճատել: Յետագային, ըստ կարիքի նաեւ հաւանական է, որ կրթական տարեշրջանը երկարաձգենք:
-Երկու խօսք ալ լիբանանահայութեան մասին, այսօր ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Լիբանանի հայագաղութը եւ ի՞նչ են գաղութին առջեւ երեւցած սպառնալիքները։
Լիբանանահայութիւնը որդեգրեց չէզոք կեցուածք, թէ՛ որպէս գաղութ եւ թէ՛ որպէս կուսակցութիւններ եւ որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարեց: Անշուշտ մասնակից էր ցոյցերուն, սակայն այդ մէկը չխաթարեց լիբանանահայութեան ներկայացուցած քաղաքական պատկերը:
Ականատես ենք ալիք առ ալիք Լիբանանէն գաղթող երիտասարդութեան. մտահոգ ենք, որ հայ երիտասարդը մատնուած ըլլալով յաւելեալ յուսախաբութեան կը դիմէ արտագաղթի, նօսրացնելով հայ գաղութի գոյութիւնը Լիբանանէն ներս:
Այս առումով, լիբանանահայ ղեկավարները զգուշութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ կը վարուին համայնքի կենսունակութիւնը վառ պահելու համար: