image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր իր լրումին կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը

Այսօր իր լրումին կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը

Այսօր կը լրանայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը: Վաղ առաւօտէն մարդիկ սկսած են այցելել Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղիկներ կը դնեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրին։

Հայերու ջարդերը սկսած են  19-րդ դարու վերջին: 1892-1923 թուականներուն Համիտեան Թուրքիան, այնուհետեւ երիտթուրքերու կառավարութիւնը զանգուածային տեղահանութեան ենթարկած եւ բնաջնջած են Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու հայ բնակչութիւնը։ Գլխատուած է մտաւորականութիւնը. 24 ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուած եւ աքսորի ճամփուն սուրէ անցած են 600 հայ մտաւորականներ, վիճակագրական տուեալներու համաձայն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորուած է 66 քաղաքներու եւ մօտ 2500 գիւղերու հայ բնակչութիւն՝ մօտ 1.5 միլիոն մարդ։ Թալանուած եւ աւերուած է 2350 եկեղեցի ու վանք։ Ոչնչացուած է 1500 դպրոց ու վարժարան։

1919-1920 թուականներուն Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին հրապարակուած է հայութեան պատճառած վնասի չափը՝ 14 միլիառ 598 միլիոն 510 հազար ֆրանկ արեւմտահայութեան, իսկ արեւելահայութեան՝ 4 միլիառ 532 միլիոն 472 հազար ֆրանկ:


Նշենք, որ Ցեղասպանութեան հիմնական կազմակերպիչները կը համարուին երիտթուրքերու առաջնորդներ Թալէաթը, Ճեմալը եւ Էնվերը, ինչպէս նաեւ «Յատուկ կազմակերպութեան» ղեկավար Պեհաալտին Շաքիրը: Հայերու ցեղասպանութեան զուգահեռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած են ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ջարդերը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը սկիզբ առած է Խորհրդային միութեան տարիներէն, եւ առաջինն այն ճանչցած է Ուրուկուէյը 1965 թուականին: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 27 երկիր։ Պետութիւններէն զատ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ` Եւրոպական միութիւնը, Եւրոպայի խորհուրդը, Եւրոպական շարժումը, Եկեղեցիներու համաշխարհային միութիւնը եւ այլն: Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած են ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մօտ հարիւր նահանգ, նահանգային խորհրդարաններ եւ այլ կառոյցներ: