Աւստրիոյ ընդդիմադիր «Կանաչներու» կուսակցութեան անդամ Պէթըր Փիլց յայտարարած է, որ երկրի մէջ գտնուող թուրք իմամներ (իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ) լրտեսութիւն կ'ընեն Թուրքիոյ համար:
Ըստ թրքական «Diken» պարբերականի, Փիլց նշած է, որ Գերմանիոյ մէջ գործող «Եւրոպայի թրքական իսլամական միութիւն»ը (ATIB), համագործակցելով Վիեննայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան հետ, եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ (նաեւ Աւստրիոյ) ապրող թուրք իմամներու միջոցաւ, Էրտողանի վարչակարգի համար տեղեկութիւններ կը հաւաքէ` կիւլէնական համայնքի, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ ապրող քիւրտերու եւ թուրք ընդդիմադիր լրագրողներու մասին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ միութիւնը հերքած են Փիլցի առաջ քաշած մեղադրանքները, նշելով, որ նման մեղադրանքներ աւելի կը սրեն արդէն լարուած թուրք-աւստրիական յարաբերութիւնները:
Աւստրիոյ ներքին գործերու նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ վերոնշեալ հարցով ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին:
Կը նշուի նաեւ, որ այդ միութիւնը նմանատիպ գործունէութիւն կը ծաւալէ 38 երկիրներու մէջ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել