Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 7 519 785 մարդ: Այս մասին կը վկայեն worldometers.info կայքի տուեալները 11 յունիսի դրութեամբ:
Մեծ թիւով վարակման դէպքեր գրանցուած են նաեւ Հնդկաստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Սպանիոյ մէջ: Այս երկիրներուն մէջ վարակման ցուցանիշը գերազանցած է 280 հազարը:
Մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը կրկին ԱՄՆ-ն է, ուր աւելի քան 115 հազար հիւանդ մահացած է: Անոր կը յաջորդեն Մեծ Բրիտանիան, Պրազիլը, Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան: