image

Ասատ նախագահական պալատէն հեռանալու շեմին էր. Իրանցի պաշտօնեայ

Ասատ նախագահական պալատէն հեռանալու շեմին էր. Իրանցի պաշտօնեայ

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Ալի Աղա Մուհամմատի շեշտած է, որ իրանեան յեղափոխութեան պահակազօրի նախկին հրամանատար զօրավար Հուսէյն Համատանի Սուրիա կատարած իր այցէն ետք յայտարարած էր, թէ նախագահ Ասատ նախագահական պալատը լքելու որոշում տուած էր, որովհետեւ իր բնակութեան վայրը ընդդիմադիր ուժերով շրջապատուած էր, որմէ ետք Թեհրան որոշում կայացուցած է տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնն առաւել ամրապնդել:

Ալի Աղա Մուհամմատի պատմած է նաեւ, որ Համատանի հանգստացնելով Ասատը խնդրած է չմտահոգուիլ, խոստանալով ժողովուրդին 10 հազար զէնք բաժնել եւ խումբերով զօրակոչել վերջիններս: Այնուհետեւ Համատանի 80 հազար սուրիացի զօրակոչած է, իսկ միւս կողմէ «Հըզպալլա» պատերազմի դաշտ իջնելով աջակցած է Սուրիոյ բանակին: