ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան 25 ամեակի առթիւ, 2016 Մայիսի 17-21-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջազգային 2-րդ «ԱՐվեսՏ Էքսփո-16»ը, ՆՓԱԿ-ի մէջ։
Ցուցահանդէսի հիմնական նպատակն է մէկ յարկի տակ համախմբել տեղաբնակ, տարածաշրջանային եւ միջազգային արուեստագէտները, խրախուսելով անոնց արտայայտել իրենց միտքերն ու գաղափարները՝ արուեստի միջոցաւ։ Ցուցահանդէսը արուեստագէտ-մասնակիցներուն նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ անմիջական շփման մէջ ըլլալ հանրութեան հետ, ծանօթանալ՝ արտասահմանցի արուեստագէտներու եւ պատկերասրահներու սեփականատէրերու հետ, ինչը կը խթանաէ իրենց յետագայ մասնագիտական աշխատանքներուն:
«ԱՐվեսՏ Էքսփո-16»ի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պիտի կայանայ 17 մայիսին, ժամը 18:30-էն 21:00։ Ցուցահանդէսը պիտի գործէ Մայիսի 18-21 օրերուն, ժամը՝ 11։00-17։00-ին։ Գլխաւոր իրադարձութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ այլ մշակութային միջոցառումներ, արտասահմանցի արուեստագէտներու համար պիտի կազմակերպուին մշակութային հիմնարկներու այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ ընթրիք-հանդիպում, որուն կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել նաեւ տեղաբնակ արուեստագէտները։
Ցուցահանդէսը մասնաւոր թեմայով կամ ժանրով չի սահմանափակուիր եւ կ'ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները՝ գունանկար, քոլլաժ, գծանկար, փասթել, քանդակ, խեցեգործութիւն, լուսանկար, թուային եւ վիտէօ արուեստի գործեր։
Մասնակցութիւնը սահմանափակ է միայն արհեստավարժ արուեստագէտներու: Ինքնուսներ, ճարտարապետներ եւ ձեւաւորողներ իրենց ընտրած բաժնին մէջ մասնակցութիւն կրնան բերել տուեալ բաժնին մէջ նուազագոյնը 5 տարուան փորձառութիւն ունենալու պարագային:
Միջազգային 2-րդ «ԱՐվեսՏ Էքսփո-16»ի կազմակերպիչն ու գլխաւոր համադրողն է Վագօ Արմենօ Խախամեանը:
Մասնակցիլ փափաքող արուեստագէտները կրնան դիմել զանգելով հետեւեալ հեռախօսահամարին` +374(0)93 498985, կամ գրելով՝ vako@vakoarmeno.com էլ-հասցէին։
Ցուցհանադսի մանրամասնութիւններուն կարելի է ծանօթանալ նշեալ յղումներով՝