Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն այսօր յայտնած է, որ քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը հրաժարական պիտի տայ՝ սեփական դիմումի համաձայն:
«Պարոն Մեսչեանը իր պաշտօնավարման առաջին իսկ ասուլիսներէն մէկուն ըսած էր, որ պիտի պաշտօնավարէ մօտ 2 տարի ժամկէտով: Այդ ժամկէտը կը մօտենայ աւարտին, ինքն ալ հաւատարիմ կը մնայ խոստումին»,- ըսած է քաղաքապետը: