image
Հրատապ լուրեր:

Արդեօք ճիշդ է՞, որ Արսէն Թորոսեան պաշտօնանկ պիտի ըլլայ

Արդեօք  ճիշդ է՞, որ Արսէն Թորոսեան պաշտօնանկ  պիտի ըլլայ

ArmLur.am-ի տեղեկութիւններով՝ գործող իշխանութեան մէջ թեւ մը կայ, որ կ'ուզէ օր առաջ ազատիլ Արսէն Թորոսեանէն եւ նախարար նշանակել յայտնի վիրաբոյժ, դոցենտ Արտաւազդ Սահակեանի որդին՝ Արամը։

«Հրապարակ»-ի կառավարութեան աղբիւրներու փոխանցումով՝ առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեանի պաշտօնանկութեան հարցը մտած է վճռական փուլ. առաջիկայ օրերուն հնարաւոր է, որ նոր նախարար նշանակուի: Թորոսեանի պաշտօնանկութիւնը կը բացատրեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի տապալումով։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ այս պահուն նախարարի երկու թեկնածուի անուն կը շրջանառուի, ինչ որ անյարմար իրավիճակ ստեղծած է վարչապետի ընտանիքէն ներս։  Առաջին թեկնածուն՝ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) դասախօս Դաւիթ Մելիք Նուպարեանն է, որու լոպպիով կը զբաղին Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեանը, եւ իր եղբայրը, իսկ երկրորդը՝ յայտնի վիրաբոյժ՝ Արտաւազդ Սահակեանի որդին՝ Արամ Սահակեանը, որ Փաշինեանի եղբորորդիին՝ Սիփան Փաշինեանի եւ «Իմ քայլի» պատգամաւոր Յակոբ Սիմիտեանի ընկերն է։ Անոնք համերկրացիներ են: Սիփան այժմ ամէն ինչ կ'ընէ Մելիք Նուպարեանին նախարար դարձնելու, Աննա Յակոբեանի ծրագիրները ձախողելու համար։