18.09c Երեվան
  • Արևմտահայերեն
  • Արևելահայերեն
  • Արևմտ․
  • Արևել․
ուրբ, մյս 15
logo
logo
  • Արևելք
  • Հայաստան
  • Արաբական Աշխարհ
  • Հոդված
  • Հարցազրույց
  • Խապրիկ
  • Մեր Մասին
  • Բլոգ
  • ✕
  • Արխիվ
    • Արևելք
    • Հայաստան
    • Արաբական Աշխարհ
    • Հոդված
    • Հարցազրույց
    • Խապրիկ
    • Բլոգ
image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է հայրենի վաստակաշատ Դերասան եւ Բեմադրիչ՝ Նիկոլայ Ծատուրեան

Կասկածող խելացինե՞ր, թէ կուրացած ինքնավստահներ

Իրանի հարցով ԱՄՆ եւ Չինաստան նոյնկերպ կը մտածեն

Book Presentation in New Jersey Sponsored by Hamazkayin

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ընտրութիւններ` խաղաղութեան ու պատերազմի միջեւ

Փութին ի մօտոյ Չինաստան պիտի այցելէ

Մայրութեան, հաւատքի եւ կնոջ ուժին նուիրուած ջերմ հանդիպում մը Ճինիշեան հիմնարկին մէջ

Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնեց Ծատուրեանի մահուան առթիւ

Գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի 99-րդ Տարեկան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը. Արեւմտեան Թեմի 100 Ամեակին Ընդառաջ Նոր Նուաճումներ Եւ Հեռանկարներ

Գուրգէն Սիմոնեանի կարծիքով «Շնորհապետական» կուսակցութիւնը երկորդ դիրքի վրայ պիտի ըլլայ

  • Գլխավոր
  • Արդեօք Գերմանիան ՆԱԹՕ-ի անդամ կը դառնա՞ր. Հետաքրքրական դիտարկում Էսթոնիոյ «Տէլֆի» պարբերականէն
  • 317
  • 05/12/2019

Արդեօք Գերմանիան ՆԱԹՕ-ի անդամ կը դառնա՞ր. Հետաքրքրական դիտարկում Էսթոնիոյ «Տէլֆի» պարբերականէն

Արդեօք Գերմանիան ՆԱԹՕ-ի  անդամ կը դառնա՞ր. Հետաքրքրական դիտարկում Էսթոնիոյ «Տէլֆի» պարբերականէն

Անհնար կ'ըլլար պատկերացնել, որ Գերմանիան ըլլաար ՆԱԹՕ-ի մաս, եթէ ան չճանչնար նացիստական յանցագործութիւնները՝ ներառեալ Հոլոքոսթը: Այս մասին Delfi պարբերականին իր յօդուածին մէջ նշած է վերլուծաբան Վլատիմիրաս Լաուչիուսը՝ զուգահեռ տանելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանչցուած չըլլալու հետ: 

Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածի թարգմանութիւնը:

«Այնուամենայնիւ, Թուրքիան, որ չուզեր խոստովանիլ, որ ցեղասպանութիւն գործած է քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, ՆԱԹՕ-ի անդամ է:

Հիւսիսաթլանթեան պայմանագրի նախաբանին մէջ ըսուած է, որ պայմանագրի կողմերը «վճռական են պաշտպանելու իրենց ժողովուրդներու ազատութիւնը, ընդհանուր ժառանգութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը, որոնք հիմնուած են ժողովրդավարութեան, անհատական ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ»:

Վերոնշեալ սկզբունքներէն որմէ՞կը կը պահպանէ Թուրքիան:  Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել այն քաղաքակրթութիւնը, որուն ան չի պատկանիր կամ պահպաներ այն սկզբունքները, որոնց այդ երկրին մէջ հազիւ կը հետեւին:

Եթէ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու համար անհրաժեշտ է պարզապէս ունենալ զօրաւոր բանակ, առերեւոյթ ժողովրդավարութիւն եւ արեւմտեան երկիրներու հետ որոշ ընդհանուր շահեր, ապա ինչպէ՞ս պատահած է, որ  Ռուսաստանը դեռ ՆԱԹՕ-ի մաս չէ:

Ոմանք կրնան ըսել, որ Ռուսաստանը կը խախտէ անձեռնմխելիութեան սկզբունքները Հարաւային Օսիայի եւ Ուքրանիոյ մէջ, այնուամենայնիւ, ՆԱԹՕ-ի երկիրներու համար սա, կարծես, այլեւս անյաղթահարելի բարոյական եւ իրաւական խնդիր չէ 1974 թուականէն ետք, երբ թրքական զօրքերն գրաւեցին Հիւսիսային Կիպրոսը:

Այժմ Թուրքիան նաեւ հնարաւորինս կը գրաւէ Սուրիոյ տարածքը, Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ պարեկային գօտիներու համար:

Իսկ ի՞նչ կ'ըսէք սպառազինութեան եւ ռազմական համատեղելիութեան խնդրին: Թուրքիոյ կողմէ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգեր գնելէ եւ ՍՈՒ-57 կործանիչներ գնելու հարցը դիտարկելէ ետք, այլեւս, կարծես թէ, Ռուսաստանի՝ ՆԱԹՕ-ին ընդելուզելու հարցը լուրջ խոչընդոտ չէ: Ակնյայտ է, որ սպառազինութիւններու եւ թուրքերու միջոցով իրականացուող անուղղակի ընդելուզումն արդէն կ'ընթանայ:

Ռուսական իշխանութիւնները չեն ճանչնար խորհրդային յանցագործութիւնները եւ կ'արդարացնեն Սթալինի վայրագութիւնները: Թուրքիան ճիշդ նոյնը կ'ընէ՝ չընդունելով, որ ծրագրած եւ իրագործած է հայկական, ասորական եւ յունական ցեղասպանութիւնները` ուղղորդուած զանգուածային սպանութիւններով, խոշտանգումներով եւ անապատային աքսորներով: Աւելին, թրքական օրէնսդրութիւնը թոյլ կու տայ քրէական հետապնդում իրականացնել այն մարդոց նկատմամբ, որոնք կը հաստատեն թուրքերու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնները` պնդելով, որ այն կը վիրաւորէ թուրք ժողովրդը: Սա շատ նման է Վլատիմիր Փութինի ռուսական օրէնքին եւ այդ երկրի պատմութեան գաղափարական քարոզչութեան:

Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը` դաժանութեան, կտտանքներու եւ գաղափարական արդարացման առումով, շատ նման է նացիստներու կողմէ իրականացուած հրէական Հոլոքոսթին: Օրինակ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեծ համբաւ ունեցող բժիշկ Մեհմետ Ռեշիտը յայտնի էր անով, որ հայերուն կը վերաբերէր որպէս երկրորդ կարգի մարդիկ՝ անոնց ստորադասելով, իր կարծիքով, աւելի առաջադէմ մահմետականներէն:

Ան կը հրամայէր պայտել հայ աքսորեալները, որպէսզի աւելի զուարճալի ըլլայ աքսորի ճանապարհին անոնց նայիլը: Ան նաեւ կը սիրէր խաչել անոնց՝ հաշուի առնելով հայկական կրօնը: 1978-ին, Թուրքիոյ մէջ, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրի մէջ, հրատարակուեցաւ հանրագիտարան, որ կը նկարագրէ Մեհմետ Ռեշիտը որպէս «մեծ հայրենասէր»:

Իրենց նացիստական ապագայ գործընկերներու նման, թուրք բժիշկները դաժան փորձեր կ'իրականացնէին «երկրորդ կարգի» մարդոց վրայ: Օրինակ՝ հայերուն կը ներարկէին տիֆի տենդով հիւանդներու արիւն՝ անոր դէմ պատուաստանիւթ որոնելու համար: Վերոնշեալ փորձարկումներով յայտնի բժիշկի համար Պոլսոյ մէջ նոյնիսկ թանգարան կառուցուած է, ան կը համարուի թրքական մանրէաբանութեան հայրը:

Տրապիզոնի առողջապահութեան վարչութեան պետ Ալի Սաիպը ջանասիրաբար կատարած է իր մասնագիտական պարտականութիւնը՝ ստիպելով յղի հայ կանանց եւ երեխաներուն թոյն խմել, իսկ հրաժարելու պարագային անոնց կը խեղդէին ծովին մէջ: Սաիպը կը սիրէր մորֆինի մահացու չափաբաժին ներարկել հայ աքսորեալներուն, որոնք հրաշքով փրկուած էին անապատի մէջէն անցած աղէտալի ճանապարհորդութենէն: Ան նաեւ երեխաները կը սպանէր շարժական տաք գոլորշիի լոգանքներու մէջ:

Այժմ Թուրքիոյ մէջ փողոցներն ու նշանակալից հասարակական վայրերը կը կոչուին ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու անուններով`Թալեաթ, Ճեմալ, Էնվեր: Հետաքրքիր կ'ըլլար, եթէ ՆԱԹՕ-ի մէկ այլ անդամ՝ Գերմանիան, փողոցներ անուանէր, օրինակ ՝ Հիմլերի անունով:

Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան հիմնական խնդիրն այն չէ, որ այն կ'արգելափակէ մերձպալթեան պաշտպանական ծրագիրները, կը գնէ ռուսական S-400-ը` հրաժարելով ամերիկեան սպառազինութենէն, կ'աջակցի ՏԱՀԷՇ-ի եւ Ճապհաթ ալ Նուսրա-ի մարտիկներուն, կը գրաւէ Սուրիոյ տարածքները, ուր իր արաբական դաշնակիցներուն հետ միասին կ'ոչնչացնէ քրիստոնէական համայնքներու մնացորդները Փոքր Ասիոյ մէջ:

Հիմնական խնդիրն այն չէ, որ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Եւրոպայի մէջ կը տեսնէ ժողովրդագրական եւ մշակութային վերածնած Օսմանեան կայսրութիւն, ուր բարձր ծնելիութեամբ թուրք բնակչութիւնը կը կարողանայ պարտադրել սեփական կանոնները: Թուրքիոյ՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ հիմնական խնդիրը չի կայանար անոր գործողութիւններու, նպատակներու, քաղաքական եւ ընկերային իրողութիւններու կամ Արեւմուտքի նկատմամբ անոր վերաբերմունքի մէջ (այս մօտեցումն ամենեւին պէտք չէ զարմացնէ դարեր անց) Խնդիրն այստեղ ոչ թէ թրքական մօտեցումն է, այլ՝ արեւմտեանը:

Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է Թուրքիոյ քրիստոնեաներու` հայերու (սպանուած է առնուազն 1,5 միլիոն մարդ), յոյներու (սպանուած է մօտ 750 000 մարդ) եւ ասորիներու (մօտ 300 000 զոհ) ցեղասպանութիւնները:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է նաեւ Եւրոխորհրդարանի, Եւրոպայի խորհուրդի եւ, վերջերս՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ: Այն ճանչցուածէ նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ շարք մը երկրներու՝ ներառեալ Լիթվայի կողմէ: Զուիցերիոյ, Սլովաքիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ քրէական հետապնդում նախատեսուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար: Սլովաքիան եւ Յունաստանը ՆԱԹՕ-ի անդամ են, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Թուրքիան, որ յամառօրէն կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը:  Դեռ կը կարծէ՞ք, որ վերոյիշեալ երկիրները կը պատկանին ընդհանուր քաղաքակրթութեան, ընդհանուր ժառանգութեան եւ ընդհանուր սկզբունքներու:

Ինչ կը վերաբերի այս իրավիճակին, ապա Թուրքիան եւ իր դաշնակիցները դեռ առանձնակի խնդիրներու չեն բախիր: Շատերը նոյնիսկ կ'ուրախանան եւ, ըստ երեւոյթին, կը հպարտանան նման դաշնակից ունենալու ընդհանուր (ներէ ինձ, Տէր) ժառանգութեամբ:

Ճիշդ է, որ Թուրքիան Պաղ պատերազմի ժամանակ ԽՍՀՄ-ի կարեւոր հակակշիռ էր եւ պէտք է ենթադրել, որ Թուրքիան դեռ չէ մտած Եւրոմիութիւն ոչ առանց պատճառներու:

Կար ժամանակ, երբ յոյս կար, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը բարելաւուի: Փոխարէնը, այն աւելի վատացաւ: Եւ այսպէս, ինչքան հեռու կ'երթայ այն, այնքան աւելի դժուար կը դառնայ բացատրել եւ արդարացնել խորացող արժէքային անջրպետը:

Հաշտարար մօտեցումը շարունակելը նոյնիսկ աւելի կեղծաւոր կ'ըլլար, քան մինչ այժմ լռութիւնը ցեղասպանութեան խնդրի շուրջ, չխօսիլն այն մասին, թէ ինչը կրնայ անյարմարութիւն պատճառել կամ անօգուտ է թուրք ընկերներու համար, մեղմ ըսած, պատիւ չի բերեր անոնց: Նման մօտեցումը մասամբ կը համընկնի 1939-ին Ատոլֆ Հիթլերի ըսածի հետ, երբ ան յայտնեց լեհերը ոչնչացնելու իր ծրագիրը. «Ի վերջոյ, ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու ոչնչացման մասին»: Այլ կերպ ըսած` ոչ մէկուն կը հետաքրքրէ: Իսկ անոնք, որոնք կը պաշտպանեն արեւմտեան արժէքները, միթէ՞ պէտք չէ մտածեն նաեւ այդ մասին»:

 

Միացիր մեզ Տելեգրամում

Սեղմել այստեղ

Միացիր մեզ Յութուբում

Սեղմել այստեղ

Միացիր մեզ Տելեգրամում

Միացիր մեզ Յութուբում

Առնչվող լուրեր

  • 26/04/2021

Պայտընի յայտարարութիւնէն ետք ՆԱԹՕ-ի մէջ...

08/04/2021

Ռուսաստան անհանգստութիւն յայտնած է Սեւ Ծ...

25/03/2021

Գերմանիան դիմած է Եւրայանձնաժողովին ռուս...

06/03/2021

Հայաստանի տնտեսութիւնը դէպի անկո՞ւմ. Արթ...

Կիսվել

Ամենաընթերցված

Օր Շաբաթ Ամիս Բոլորը
Book Presentation in New Jersey Sponsored by Hamazkayin
15/05/2026

Book Presentation in New Jersey Sponsore...

Գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի 99-րդ Տարեկան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը. Արեւմտեան Թեմի 100 Ամեակին Ընդառաջ  Նոր Նուաճումներ Եւ Հեռանկարներ
15/05/2026

Գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի 99-րդ Տարեկա...

Ոչ եւս է հայրենի վաստակաշատ Դերասան եւ Բեմադրիչ՝ Նիկոլայ Ծատուրեան
15/05/2026

Ոչ եւս է հայրենի վաստակաշատ Դերասան եւ Բ...

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ընտրութիւններ` խաղաղութեան ու պատերազմի միջեւ
15/05/2026

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ընտրութիւններ` խաղա...

Մայրութեան, հաւատքի եւ կնոջ ուժին նուիրուած ջերմ հանդիպում մը Ճինիշեան հիմնարկին մէջ
15/05/2026

Մայրութեան, հաւատքի եւ կնոջ ուժին նուիրո...

Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնեց Ծատուրեանի մահուան առթիւ
15/05/2026

Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնեց Ծատուրեանի...

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Լիբանանը՝ երրորդ օրակարգ
15/05/2026

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Լիբանանը՝ երրորդ օրակա...

Կասկածող խելացինե՞ր, թէ կուրացած ինքնավստահներ
15/05/2026

Կասկածող խելացինե՞ր, թէ կուրացած ինքնավս...

Փութին ի մօտոյ Չինաստան պիտի այցելէ
15/05/2026

Փութին ի մօտոյ Չինաստան պիտի այցելէ

Իրանի հարցով  ԱՄՆ եւ  Չինաստան  նոյնկերպ կը մտածեն
15/05/2026

Իրանի հարցով ԱՄՆ եւ Չինաստան նոյնկերպ...

AMAA’s Avedisian School’s Double Victory at “Generation AI”: 1st Place in Math and Python
10/05/2026

AMAA’s Avedisian School’s Double Victory...

Breakthroughs
13/05/2026

Breakthroughs

Մոնթրէալ. Մահացած է Տիրամայր Գոհար Գազանճեանը
09/05/2026

Մոնթրէալ. Մահացած է Տիրամայր Գոհար Գազան...

Հայաստանը իր անկախութեան առաջին օրէն խաղաղութիւն չէ ունեցած. Փաշինեան
08/05/2026

Հայաստանը իր անկախութեան առաջին օրէն խաղ...

Culture as Social Infrastructure: Announcing the 2026 արդ եւս|in view Awardees
13/05/2026

Culture as Social Infrastructure: Announ...

Փաշինեանի Մայիսեան ուղերձը. Շեշտը խաղաղութեան վրայ է
09/05/2026

Փաշինեանի Մայիսեան ուղերձը. Շեշտը խաղաղո...

Եւրոպան կ՚աջակցի Հայաստանին ԵՄ անդամ դառնալու ձգտումներուն. Մարթա Քոս
11/05/2026

Եւրոպան կ՚աջակցի Հայաստանին ԵՄ անդամ դառ...

Ստամբուլում բացվել է լեգենդար բժիշկ Հակոբ Կոթողյանի անվան լսարանը
14/05/2026

Ստամբուլում բացվել է լեգենդար բժիշկ Հակո...

Եռագլուխը ինքն է, Ալիեւին եւ Էրտողանին հետ. Քոչարեան կրակ կը ժայթքէ Փաշինեանի  դէմ
09/05/2026

Եռագլուխը ինքն է, Ալիեւին եւ Էրտողանին հ...

Կարմիր Կիրակի․ Հաւատքի Վկայութիւն եւ Հոգեւոր Պայքար
14/05/2026

Կարմիր Կիրակի․ Հաւատքի Վկայութիւն եւ Հոգ...

Haigazian University Commemorates the 111th Anniversary of the Armenian Genocide
29/04/2026

Haigazian University Commemorates the 11...

AMAA’s Avedisian School’s Double Victory at “Generation AI”: 1st Place in Math and Python
10/05/2026

AMAA’s Avedisian School’s Double Victory...

 Պոլիս. Հաւատքի եւ Համայնքի Կենդանի Շունչը՝   Գուզկունչուքի  Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ
06/05/2026

Պոլիս. Հաւատքի եւ Համայնքի Կենդանի Շուն...

Պէյրութի Մխիթարեան Վարժարան. Տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ ամեակի աշակերտական յուշահանդէս
28/04/2026

Պէյրութի Մխիթարեան Վարժարան. Տեղի ունեցա...

Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 1.5 միլիոն հայերու յիշատակին, որոնք uպանուած են Հայոց ցեղաuպանnւթեան ժամանակ․ Քիմ Քարտաշեան
25/04/2026

Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ 1.5 միլիոն հա...

Մեր երկրում ծայրահեղ աղքատությունն, ըստ էության, վերացման շեմին է և համոզված եմ՝ դրա վերացումը շատ շուտով կարձանագրվի պաշտոնապես․ Փաշինյանը՝ Աշխատանքի օրվա ուղերձում
01/05/2026

Մեր երկրում ծայրահեղ աղքատությունն, ըստ...

  «Ան քեռայրէ մը աւելին  գլխագիր հայ էր եւ մեծ եղբայր». Ճօրճ Ամպարճեանի գրառումը
22/04/2026

«Ան քեռայրէ մը աւելին գլխագիր հայ էր...

Breakthroughs
13/05/2026

Breakthroughs

Զգոյշ՝ սուրիահայութեան, լիբանանահայութեան եւ հայրենիքի կենսական առկայութիւնը չվերածենք պերմուտայի եռանկիւնի կլանող յորձանուտի
17/04/2026

Զգոյշ՝ սուրիահայութեան, լիբանանահայութեա...

Մոնթրէալ. Մահացած է Տիրամայր Գոհար Գազանճեանը
09/05/2026

Մոնթրէալ. Մահացած է Տիրամայր Գոհար Գազան...

«Կ'ուզեմ գիտնալ՝ ինչո՞ւ զոհուեցաւ դուստրս...». Ճէսիքա Պէզճեանի պատմութիւնը
04/08/2021

«Կ'ուզեմ գիտնալ՝ ինչո՞ւ զոհուեցաւ դուստր...

Երեւանի մէջ.Մահացած է Հալէպահայ բժշկուհի Հուրի Քահքէճեանը
14/07/2021

Երեւանի մէջ.Մահացած է Հալէպահայ բժշկուհի...

Հալէպահայ  Վրոյր  Պիլէմճեանի  նոր  յաջողութիւնը
13/07/2021

Հալէպահայ Վրոյր Պիլէմճեանի նոր յաջող...

Մահացած է հալէպահայ Հուրի Օղուլեան Սաֆարը
23/07/2021

Մահացած է հալէպահայ Հուրի Օղուլեան Սաֆար...

Կոմսի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի հանդիպումը Պէյրութի մէջ
19/07/2021

Կոմսի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի հանդիպումը Պ...

 «Ամէն օր կը յիշենք  պայթումի առաջին վայրկեանները...»
04/08/2021

«Ամէն օր կը յիշենք պայթումի առաջին վայ...

Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօտակայքը` Տրովադայի Ձի Է Թուրքիոյ Շահերուն Համար
05/08/2021

Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօ...

Բիթլիս. Հայ երեխաները՝ տիկնիկներով. 1914 թ.
06/03/2023

Բիթլիս. Հայ երեխաները՝ տիկնիկներով. 1914...

Մշեցի երգչուհի Աճին, որից Կոմիտասը երգեր է գրառել
26/04/2022

Մշեցի երգչուհի Աճին, որից Կոմիտասը երգեր...

Զորավար Անդրանիկի հարսանեկան լուսանկարը
14/01/2023

Զորավար Անդրանիկի հարսանեկան լուսանկարը

Լուրեր

Վտանգաւոր զարգացում Իսրայէլի մէջ. «Քասսամ»  հարուածած է Երուսաղէմը
  • 10/05/2021

Վտանգաւոր զարգացում Իսրայէլի մէջ. «Քասսա...

Ի՞նչ Գրեցին
Ճամբարակի մէջ նոյնպէս ձիւնաթափ
  • 10/05/2021

Ճամբարակի մէջ նոյնպէս ձիւնաթափ

Խապրիկ
Կազայի մէջ. 21   Մեռեալներ,  որոնց մէջ   9 երեխաներ
  • 11/05/2021

Կազայի մէջ. 21 Մեռեալներ, որոնց մէջ...

Արաբական Աշխարհ
Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուները  3-ն են. Գլխաւորը նախագահ Պաշշար Ասատն է
  • 10/05/2021

Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկն...

Արաբական Աշխարհ
Շիրակի մարզի ծառերը ձիւնի տակ
  • 10/05/2021

Շիրակի մարզի ծառերը ձիւնի տակ

Խապրիկ
Ինքնաշարժի մեծ արկած Երեւանի մէջ. Վթարուած է նաեւ Փաշինեանին ուղեկցող ինքնաշարժը (Տեսանիւթ)
  • 10/05/2021

Ինքնաշարժի մեծ արկած Երեւանի մէջ. Վթարու...

Խապրիկ
Հայաստանի Եօթերորդ գումարման Ազգային ժողովը լուծարուեցաւ
  • 10/05/2021

Հայաստանի Եօթերորդ գումարման Ազգային ժող...

Հայաստան
Փաշինեան նոր նշանակումներ կատարած է
  • 10/05/2021

Փաշինեան նոր նշանակումներ կատարած է

Հայաստան
Պէյրութահայ Ժիրայր Աւետիքեան  արկածի ենթարկուած եւ ստոյգ մահէ փրկուած
  • 11/05/2021

Պէյրութահայ Ժիրայր Աւետիքեան արկածի ենթ...

Արևելք
Մամլոյ խճանկար (4)
  • 10/05/2021

Մամլոյ խճանկար (4)

Հոդված

© 2015-2026 arevelk.am «Արեւելք» լրատուականէն մէջբերումներու յղումը կատարելը պարտադիր է (www.arevelk.am): Կայքին մէջ տեղ գտած նիւթերը անպայման չէ, որ կը ներկայացնեն խմբագրութեան տեսակէտները: Գովազդներու բովանդակութեան համար կայքը պատասխանատուութիւն չի կրեր:

  • Հեռ՝ 077-556870
  • Էլ. փոստ՝ Arevelk1@gmail.com
  • Գովազդի համար զանգահարել`077-556870
Բեյբի Շոփ