2019-ի յուլիսին Արցախի Հանրապետութեան ողջ տարածքին իրականացուած է զանգուածային ընկերային հետազօտութիւն՝ ուղղուած Արցախի բնակչութեան սոցիալ-քաղաքական դիրքորոշումները, պատկերացումներն ու սպասումները ուսումնասիրելու։
Հետազոտութիւնը իրականացուցած էր հայաստանեան «ԷՄՊԻՐԻԿԱ» հետազօտական եւ խորհրդատուական ընկերութիւնը:
Որպէս Արցախի հասարակութեան առջեւ ծառացած առաջնային ամենակարեւոր հիմնախնդիր՝ հարցուողներու կողմէ առանձնացուած է աշխատատեղերու պակասը եւ գործազրկութիւնը, այնուհետեւ ընկերային այլ խնդիրներ:
Հարցուածներու 82,3%-ը պատերազմի վերսկսման պարագային պատրաստ է պայքարելու եւ մեկնելու առաջնագիծ:
Հարցուածներու 57%-ը դրական արտայայտուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերաբերեալ: