image
Հրատապ լուրեր:

Արցախեան Բանակի 29 Զինուորներ Նահատակուած Են

Արցախեան Բանակի 29 Զինուորներ Նահատակուած Են

Այսօրուան դրութեամբ ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին շարունակուող ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով վիրաւորուած են 101 եւ նահատակուած է 29-ը բանակի զինծառայող, որոնցմէ եօթը սպաներ են: Այս մասին յայտարարած է ԼՂՀ ՊԲ գործող վարչութեան պետ, գնդապետ Վիքթոր Առուստամեանը:

Ինչ կը վերաբերի հակառակորդի զոհերուն, Առուստամեան նշած է, որ իրենք յաջողած են լսել թշնամիի հեռախօսային զրոյց մը, ուր ազրպէյճանցի կին մը կը պատմէր, որ գիւղին մէջ 1000-աւոր մարդիկ սպաննուած են եւ մարդոց «դիերը ամէնուր են»: Կնոջ համաձայն՝ թէժ մարտերը շարունակուած են Ղազախլար-Արա լեռի եւ Մատաղիսի ուղղութեամբ: Անոր խօսքերով, զինուած գործողութիւններու ընթացքին հակառակորդը կրակած է ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի յենակէտերու ու Մարտակերտ բնակավայրի ուղղութեամբ` առաջին անգամ կիրառելով «Սմերչ»: Բացի այդ, հակառակորդը բուռն կերպով օգտագործած է անօդաչու թռչող սարքեր: «Մէկ օրուայ ընթացքում դրանցից վեցը ոչնչացուել են», -ըսած է Առուստամեան, աւելցնելով, որ օրուայ ընթացքին Մարտակերտի ուղղութեամբ հրասայլային 7 կրակոց եղած է:

Կը նշուի նաեւ, թէ մինչեւ այս պահը, Պաշտպանութեան բանակը կորսնցուցած է 14 հրասայլ, մինչ ատրպէյճանական զինուած ուժերը` 24 հրասայլ, 2 ուղղաթիռ եւ 1 «Կրատ» համակարգ: