Իրենց Արցախ տուած այցելութիւնենէն ետք թուրքազգի չորս գործիչներու դէմ Ազրպէյճանի մարմինները հետախուզութիւն յայտարարած են: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ազրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ ակադեմիկոս, գրող Ալի Պայրամօղլուն, աքթիւիստ, հրապարակախօս Սայիտ Չեթինօղլուն, Թուրքիոյ 23-րդ գումարման խորհրդարանի պատգամաւոր Ուֆուք Ուրասը եւ գրող, հեռատեսիլի հաղորդավար Էրոլ Քաթըրճըօղլուն անօրինական կերպով հատած են Ատրպէյճանի սահմանը:
Անոնց դէմ յարուցուած է քրէական գործ՝ Ազրպէյճանի քրէական օրէնսգրքի 318.2 յօդուածով (Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատում):
Թուրք մտաւորականները կալանաւորելու մասին որոշում ընդունուած է: Ազրպէյճանական
լրատուամիջոցներու հաղորդած տեղեկութիւններով` թուրք մտաւորականներու հանդէպ
յայտարարուած է միջազգային հետախուզում: Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններուն ուղարկուած է
յատուկ գրութիւն` զանոնք ձերբակալելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով: