image

Արա Աբարտեանի յիշատակին

Արա Աբարտեանի յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ, Աբարտեան ընտանիքը, հարազատները եւ յատկապէս «Մասիս»  Մարզական Միութիւնը, հրաժեշտ տուաւ ընկ. Արային: ընտանիքի հոգատար հայրը եւ Միութեան նուիրական ատենապետը:

Աւելի քան 15 տարիներէ,  Արա Աբարտեան անխոնջ աշխատանքով եւ բծախնդիր հետեւողութեամբ կը գլխաւորէր «Մասիս» ակումբի վարչութեան գործունէութիւնը: Գրաւուած Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսէն տարագրուած ընտանիքի զաւակն էր Արան, որ պարտականութիւն կը զգար անվերապահ նուիրումով աշխատիլ ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Պուրճ Համուտի մէջ հայկական օճախ հաստատած ՀՄՄ-ականներու գաղափարախօսութեան դրօշին տակ: Ուխտած էր այդ դրօշը միշտ ծածանի «Մասիս» ակումբին վրայ, այդ ակումբը, որ տունն է Հնչակեան գաղափարի եւ մասիսական երիտասարդի պայքարով հասակ առնող սերունդներուն:

Իր ամէնօրեայ մտահոգութիւնն էր ակումբէն ներս ստեղծել եռուն միութենական գործունէութիւն: Ան յատուկ ուշադրութիւն ընծայեց երիտասարդութեան եւ ջանք տարաւ, որ մասիսականներ աշխոյժ գործունէութիւն ունենան «Մասիս»ի զանազան դիւաններու մէջ: Կը գիտակցէր, որ միութենական աշխատանքը լարուած շրջապատի մէջ կը գործէ, սակայն ինք համոզուած էր, որ լուսաբանութեամբ եւ գործնական ցուցմունքներով արդարը ի վերջոյ կը յաղթանակէ:

Հանգուցեալը համոզուած էր, որ հետեւողականութեամբ արդիւնաբեր աշխատանք կը ստեղծուի: Ընկ. Արան միշտ խորհուրդ կու տար, որ հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքով միութենական կառոյցի յաջողութիւնը կ'ապահովուի: Նաեւ կը հաւատար, որ «Մասիս» մարզական գործունէութեան կողքին, կրթական, մշակութային եւ կուսակցական ձեռնարկներ պէտք է ապահովէ, շարքայիններու եւ անդամներու ամուր կապուածութիւնը պահելու համար:

ՙՄասիս՚ի հանդէպ իր աշխատանքը եղաւ բծախնդիր եւ հզօր հոգածութեամբ: Չէր սիրեր մեկուսացած ակումբային վիճակ եւ միշտ ձեռք երկարեց, որպէսզի լարուածութիւնները փարատեն: Զանազան առիթներով իր գաղափարը կը յայտնէր հաւաքական եւ միասնակամ ոգիով աշխատելու:

Հակառակ դժուարութիւններուն, հանգուցեալը կը պնդէր, որ միութենական եւ ակումբային ձեռնարկները պատշաճ պատրաստակամութեամբ յաջող ընթացք ունենան, եւ կը շեշտէր, որպէսզի միութենական գործիչը գոնէ համեստ պարգեւատրումով քաջալերանք լսէ իր ակումբային գործունէութեան համար:

Դժբախտաբար, դառն հիւանդութիւնը իր շրջապատէն հեռացուց   Արա Աբարտեանը, սակայն անոր վաստակաւոր գործունէութիւնը յիշատակելի պիտի մնայ «Մասիս»ի անդամներուն մօտ:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, ատենապետ Արա...:

 

«Արարատ»