image

Անժէլինա Ժոլի Այցելած Է Լիբանան Հաստատուած Սուրիացի Գաղթականներուն

Անժէլինա Ժոլի Այցելած Է Լիբանան Հաստատուած Սուրիացի Գաղթականներուն

Պեքա – («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- ՄԱԿ-ի  փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի UNHCR յատուկ բանագնաց Անժելինա Ժոլին շրջած է Պեքայի մէջ փախստականներու քէմփերը, փոթորկոտ եւ անձրեւոտ օդային պայմաններու տակ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Ժոլիի այցը կատարուած էր սուրիական պատերազմի ճգնաժամի հինգերորդ տարեդարձի առթիւ, ուր ան հետաքրքրուած է  փախստականներու առողջապահական, ընկերային եւ կրթական հարցերով, եւ հանդիպած է կիներու եւ երեխաներու հետ, լսելու անոնց տառապանքներու եւ պահանջքներու մասին: «Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ շրջագայութեան աւարտին Ժոլի մամլոյ ասուլիս մը գումարած է Սահէտ Նայէլի Ալ-ֆիտա քէմփին մէջ, ուր ան շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի ժողովուրդին՝ աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի մարդոց կեանքերը փրկելու իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ժոլի նաեւ նշած է, որ հակառակ Եւրոպայի մէջ ապաստանած փախստականներու իրավիճակին հանդէպ եղած մեծ ուշադրութեան, սակայն ճնշումի ամենամեծ բաժինը գերիշխող կը մնայ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Աֆրիքէի մէջ, ինչպէս որ եղած էր նախորդ հինգ տարիներուն: Ժոլի նաեւ յայտնած է, որ տարածաշրջանին մէջ ներկայիս կան 4,800,000 սուրիացի փախստականներ, ինչպէս նաեւ 6,500,000 տեղահանուած՝ Սուրիոյ մէջ: «Այսօր մենք կ'ապրինք շատ դժուար ժամանակ մը միջազգային մակարդակով, քանի որ փախստականներու ճգնաժամի հետեւանքները կարծես կը գերակշռեն մեր կամքն ու մեր կարողութիւնները, երբեմն նոյնիսկ մեր քաջութիւնը՝ զայն դիմադրելու», ըսած է Ժոլի, աւելցնելով, որ  այսօր 60,000,000 փախստականներու գոյութեան փաստով հնարաւոր չէ նոյնիսկ աշխարհի հարուստ կառավարութիւններուն աջակցութեամբ մշտական կերպով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել փախստականներուն: «Կարելի չէ աշխարհը կառավարել օգնութիւններու միջոցաւ, դիւանագիտական ​​եւ քաղաքական լուծումներու փոխարեն»,- եզրափակած է Ժոլի: